2017-11-08 09:33:00

Նախագահ Սարգսեան. «Եւրոպական խորհուրդը Հայաստանի համար կարեւոր գործընկեր է»


Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) դիտարկումի  յանձնախումբի Հայաստանի վերաբերեալ համազեկուցողներ Ալան Միլը եւ Ճուզեփփէ Կալաթինը:

Ողջունելով հիւրերը` հանրապետութեան նախագահը Հայաստանի մէջ  ժողովրդավարութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն կարեւոր նկատած է ԵԽԽՎ դիտարկումի հոլովոյթը եւ ընդգծած, որ Եւրոպական խորհուրդին հետ համագործակցութիւնը, որուն շնորհիւ վերջին տարիներուն բաւական յառաջընթաց արձանագրուած է մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան մարզերուն մէջ, կը բխի Հայաստանի շահերէն: Նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստանը եւս իր դրական նպաստը բերած է համաեւրոպական այդ կարեւոր կառոյցի զարգացման եւ ամրապնդման` միշտ հաւատարիմ մնալով Եւրոպական խորհուրդի անդամակցութեամբ ստանձնած յանձնառութիւններու պատշաճ իրականացման: ԵԽԽՎ համազեկուցողներուն հետ հանդիպումները, նախագահ Սարգսեանի գնահատումով, միշտ կ՛անցնին բաց եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ, որ օգտակար է աշխատանքները ճիշդ ուղղութեամբ տանելու եւ դրական արդիւնքներ ունենալու: Նախագահը նկատել տուած է, որ համազեկուցողներուն այցելութիւնը զուգադիպած է Հայաստանի մէջ  տեղի ունեցող համակարգային բարեփոխումներու կարեւոր շրջափուլի մը հետ, որ աննախադէպ է թէ՛ ընտրական հոլովոյթներուն նկատմամբ հանրութեան վստահութեան աճին եւ թէ՛ ընտրութիւններուն յաջորդած հասարակական փոխադարձ համաձայնութեան ձեւաւորման տեսանկիւնէն, ինչ որ արժանացած է միջազգային դիտորդական առաքելութիւններուն, որոնց շարքին` ԵԽԽՎ պատուիրակութեան դրական գնահատականին:

Նախագահ Սարգսեան անգամ մը եւս ընդգծած է, որ Եւրոպական խորհուրդը Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու իրականացման հարցով կարեւոր գործընկեր է, որուն հետ մեր երկիրը շահագրգիռ է համագործակցութիւնը շարունակելու: Նկատի առնելով, որ համազեկուցողի պաշտօնին ասիկա Ալան Միլի վերջին այցելութիւնն է Հայաստան, նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է անոր  գործունէութիւնը, որ եղած է կառուցողական եւ ի նպաստ առկայ  խնդիրներու արդիւնաւէտ լուծման:

Համազեկուցողները գոհունակութեամբ արձանագրած են այն փոփոխութիւնները, զորս նկատած են Հայաստան իրենց հերթական այցելութեան ընթացքին: Անոնք դրուատանքով խօսած են սուրիահայ գաղթականները իրենց նախնիներու պատմական հայրենիքին` Հայաստանի մէջ ընդունելու եւ զգալի աջակցութիւն ցուցաբերելու մասին` նշելով, որ ատիկա լաւ օրինակ կրնայ հանդիսանալ նաեւ աշխարհի այլ պետութիւններու եւ ժողովուրդներու համար: Համազեկուցողները շնորհաւորած են հանրապետութեան նախագահը երկրին մէջ նկատելի յառաջընթացին առնչութեամբ եւ նշած, որ Եւրոպական խորհուրդին կողմէ  գնահատելի եղած է պետական կառավարման կիսանախագահական համակարգէն աւելի ժողովրդավարական` խորհրդարանական համակարգին անցնելու Հայաստանի քայլը, ինչպէս նաեւ այն հետեւողականութիւնը, որ երկիրը կը ցուցաբերէ սահմանադրական փոփոխութիւններէն բխող բարեփոխումներու իրականացման ուղղութեամբ: Համազեկուցողներ Ալան Միլը եւ Ճուզեփփէ Կալաթին յոյս յայտնած են, որ Հայաստանի մէջ այսուհետեւ լաւագոյն ջանքը պիտի ներդրուի ամրապնդելու ժողովրդավարութիւնը եւ Հայաստանի դիրքերը  աշխարհի մէջ:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.