2017-11-08 09:52:00

«Իսլամական Պետութեան» զինեալները իրենց երկիրները կը վերադառնան


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ իրականացուող ռազմական յաջող գործողութիւններուն շնորհիւ, կազմակերպութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մեծ մասը արդէն իսկ ազատագրուած է, եւ կազմակերպութեան շարքերէն կռուող՝ տարբեր երկիրներէ եկած վարձկանները սկսած են վերադառնալու իրենց երկիրները:

Ըստ ամերիկեան «Սուֆան» կեդրոնի տուեալներուն՝ ցարդ ահաբեկիչներուն մեծ մասը Թուրքիա վերադարձած է:

Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ Թուրքիա վերադարձողներէն 7240 անձ ձերբակալուած է եւ ամբաստանուած «Իսլամական պետութեան» կամ «Քայիտա»ի անդամ ըլլալու յանցանքով։ Կեդրոնին պատրաստած զեկոյցէն յստակ կը դառնայ, որ «Իսլամական պետութեան» շարքերուն մէջ կան առնուազն 33 երկիրներէ վարձկաններ: Անոնց մէջ առաջին դիրքը կը գրաւէ Ռուսիան, որմէ ետք կու գան Սէուտական  Արաբիան եւ Յորդանանը։ Թուրքիա կը գրաւէ 7րդ դիրքը։

Կը կարծուի, որ 2014էն սկսեալ մօտաւորապէս 110 երկիրներէ աւելի քան 40,000 զինեալներ անդամա-գրուած են «Իսլամական պետութեան»։

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.