2017-11-07 14:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրը Թեքսասի մարդասպանական արարքին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Խորապէս վշտացած ի տես այն բռնարար արարքին որ պատճառեց կեանքերու կորուստ ու ծանր վիրաւորանք, Թեքսաս նահանգի Սաութըրլենտ Սփրինկս քաղաքի եկեղեցիէն ներս, Սրբազան Քահանայապետը կը խնդրէ իր ցաւակցութիւններու փոխանցել զոհերու եւ վիրաւորներու ընտանեկան պարագաներուն ինչպէս նաեւ քաղաքի բոլոր հասարակութեան»։ Այսպէս կը գրէ ԿարդինալՓիեթրօ Փարոլինը Սան Անոթոնիօ թեմին Արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Կուսթավօ Կարսիա Սիլլէրին յղած հեռագիրին մէջ,  ապա կը յայտնէ թէ Ֆրանչիսկոս  Պապ Տիրոջմէ կը հայցէ մխիթարանք բոլոր անոնց որոնք սուգի մէջ են ու հոգեւոր ուժ՝ որ յաղթահարէ բռնութիւնն ու ատելութիւնը ինչպէս նաեւ ներումի, յոյսի, հաշտութեան ու սիրոյ զօրութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.