2017-11-07 09:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քոֆի Աննանի գլխաւորած մէկ պատուիրակութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 6 նոյեմբեր 2017-ի յետմիջօրէի 4-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի իր նստավայրին մէջ ընդունեց՝ ՄԱԿ-ի երբեմնի ընդհանուր քարտուղարը՝  Քոֆի Աննանը ու “The Elders” անուան ոչ կառավարական միջազգային կազմակերպութեան այլ անդամներ, որոնց շարքին նաեւ Տիկ Մարի Ռոպինսընը Իրլանտայի հանրապետութեան երբեմնի նախագահը։

Նշենք թէ “The Elders” « կազմակերպութիւնը հիմնուած 10 տարիներ առաջ՝ Նելսոն Մանտելայի կողմէ ու կը գործէ խաղաղութեան ու մարդկային իրաւունքներու խթանումին ի նպաստ։ Անոր մաս կը կազմեն երբեմնի պետական անձնաւորութիւններ ու երբեմնի միջազգային առաջնորդներ։

Քահանայապետի հետ ունեցած հանդիպման առթիւ Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացին ՔոՖի Աննան յայտարարեց թէ «շատ կարեւոր էր հանդիպիլ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, որովհետեւ ունինք միասնական բազմաթիւ համընդհանուր արժէքներ, որոնց մասին կ՛ուզէինք զրուցել Պապին հետ ու խորհրդածել թէ ինչպէս կարելի է աշխատիլ միասին ու մեր ջանքերը կեդրոնացնել որոշ հարցերու շուրջ»։

Քոֆի Աննան ապա նշեց թէ Քահանայապետին հետ խօսած են տարբեր նիւթերու մասին որոնց շարքին գաղթականութեան ու ապաստանեալներու նիւթը ինչպէս նաեւ միջուկային զէնքերու նիւթը, որուն մասին Վատիկանը մօտ օրէն գումարած է յատուկ հանդիպում մը։ «Խօսեցանք նաեւ խաղաղութեան մասին ու հակամարտութիւնները կասեցնելու միջամտութիւններու մասին, ինչպէս նաեւ կիներու ձայն տալու ու անոնց դերակատարութիւնը յարգելու մասին» ըսաւ ապա Քոֆի Աննան յոյս յայտնելով որ այսօրուան հանդիպումը հանդիսանայ միայն առաջինը բազմաթիւ այլ հանդիպումներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.