2017-11-07 09:29:00

Պելճիքայի դատարանը պայմանականօրէն ազատ արրձակեց Փուչտեմոնն ու Քաթալան նախարարները


Պելճիքայի դատարանը ազատ արձակեց Քաթալոնիոյ նախկին ղեկավար Քարլես Փուչտեմոնը եւ քաթալոնական կառավարութեան չորս նախարարներ, սակայն այն պայմանով, որ անոնք չհեռանան Պելճիքայէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Քորրեսփոնտընթ»` յղում կատարելով Քաթալոնիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Ակուսթի Ալքապերոյին:

«Քաթալոնիոյ նախկին ղեկավարն ու Պելճիքայի մէջ անոր ուղեկցող նախկին խորհրդականները ազատութեան մէջ մնացած են, պայմանով, որ երկրին մէջ պիտի մնան այնքան ժամանակ, որ չէ լուծուած զանոնք Սպանիոյ արտայանձնելու հարցը», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Ալքապերօ:

Փուչտեմոն եւ չորս նախկին նախարարները անձնատուր եղած էին պելճիքական ոստիկանութեան:

Փուչտեմոն Պելճիքա ապաստանեցաւ, երբ Մատրիտ Քաթալոնիոյ անկախութեան հանրաքուէէն ետք շրջանը առաւ իր ուղղակի իշխանութեան տակ: Ան նախապէս յայտնած էր, որ Սպանիա պիտի վերադառնայ, երբ արդար դատավարութեան առնչութեամբ երաշխիքներ ստանայ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.