2017-11-07 10:11:00

Գերապայծառ Փիցցապալլան արժանացաւ «Ճորճօ լա Փիրա» մրցանակին։


(Ռատիօ Վատիկան) Քասսանօ քաղաքի «Ճորճօ լա Փիրա» մրցանակը 2018-ին կը շնորհուի Գերապայծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլային, Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարքութեան առաքելական կառավարիչին։

Մրցանակին նպատակն է մեծարել այն այրերն ու կիները որոնք յանձնառումով կը նուիրուին ուրիշներու ծառայութեան ու կը գործեն ի նպաստ խաղաղութեան ու հասարակաց բարիքի զարգացումին։

«Հայր Փիցցապալլան իր գործունէութեամբ ջանաց միշտ յառաջացնել երկխօսութիւնը Սուրբ Երկրի կրօնական հասարակութիւններու միջեւ» յայտարարած է այս առթիւ «Ճորճօ լա Փիրա» ուսումնասիրութեան կեդրոնի նախագահը՝ ընդգծելով գերապայծառ Փիցցապալլայի յանձնառումը ի նպաստ խաղաղութեան, հաշտութեան, հանդուրժողականութեան ու մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան։

Մրցանակի տուչութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2018-ի մարտ 13-ին Քասսանօ Ալ Եոնիօ քաղաքի հանդիսասրահին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.