2017-11-07 11:27:00

«Աստուծոյ փրկութեան հրաւէրը ձրի է» Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 7 նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին ներկայացուց խորհրդութիւն մը հիմնուած Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած աւետարանական հատուածի վրայ ուր Յիսուս կը պատմէ հրաւէր մերժող հրաւիրեալներուն առակը, յորդորելով հրաւիրել անոնք որոնք չեն կրնար փոխարինել այդ հրաւէրը։

«Հետը սեղան նստողներէն մէկը, երբ լսեց ասիկա, ըսաւ անոր. «Երանի՜ անոր, որ հաց պիտի ուտէ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ»: Եւ Յիսուս պատասխանեց  «Մարդ մը սարքեց մեծ ընթրիք մը, ու հրաւիրեց շատ մարդիկ: Ընթրիքի ժամուն՝ ղրկեց իր ծառան, որպէսզի ըսէ հրաւիրեալներուն. “Եկէ՛ք, որովհետեւ արդէն ամէն բան պատրաստ է”:Բոլորն ալ միաբերան սկսան հրաժարիլ: Մէկը  արտ մը գնած էր, միւսը հինգ զոյգ եզ եւ ուրիշ մը նոր ամուսնացած։  Անոնք արդարեւ չի հասկցան այդ հրաւէրին ձրիութիւնը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, որովհետեւ շահագրգռուած էին աշխարհիկ բաներով։ Այսպէս է նաեւ Աստուծոյ հրաւէրը՝ ձրի։ Եւ անոր սարքած խնջոյքին մասնակիցները տոմսի մը պէտքը չունին, հարկաւոր է միայն ըլլալ կարիքաւոր խնամքի՝ ըլլայ հոգեկան ըլլայ մարմնական գետնի վրայ, կարիքաւոր սիրոյ։ 

Աստուած արդարեւ կ՛ընկալէ բոլորը անխտիր, հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը  եւ աւելցուց թէ փրկութիւնը ձրի է ու  Աստուծմէ մեզի վերապահուած պարգեւ է, որուն կարող ենք համապատասխանել այլ պարգեւով՝ մեր սրտին պարգեւը։

Տէրը ոչ մէկ բան կը պահանջէ իր պարգեւին փոխարէն՝ եթէ ոչ սէր եւ հաւատարմութիւն, յայտնեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ Աստուած Ինք սէր ու հաւատարմութիւն է եւ անոնք որոնք կորսնցուցին ձրիութեան իմաստը, անոնք կորսնցուցած են ամէն ինչ որովհետեւ կորսնցուցին ամէնէ թանկագին արժէքը՝ այն է սիրուած ըլլալու կարողութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.