2017-11-06 09:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Մոլտավիոյ հանրապետութեան նախագահին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 4 հոկտեմբեր 2017-ին, Վատիկանի Առաքելական պալատի իր գրասենեակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մոլտավիոյ հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար  Ւկոր Տորտոնը։

Այս առնչութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն   մէջ նշեց,  թէ Մոլտավիոյ նախագահը՝ Ֆրանչիկսո Պապի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք հանդիպեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոինիին հետ, որուն կ՛ ընկերանար  այլ  պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի ենթաքարտուղար՝ գերապայծառ Անթուան Քամիլլերին։

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին բարձր  արժեւորուած  է Վատիկանի եւ Մոլտավիոյ միջեւ գոյացած երկողմանի  բարի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Մոլտավիոյ մէջ եկեղեցւոյ դրական ներդրումը՝ բարեսիրական,  դաստիարակչական եւ համամիութենական գործունէութեան միջոցաւ։  

Քննարկուած են նաեւ երկրի  եւ տարածաշրջանի հարցեր եւ  երկու կողմերը հետաքրքրող նիւթեր, ինչպէս ընտանիքի արժանիքի  խթանումը,  տարածաշրջանի եւ միջազգային մակարդակի վրայ խաղաղութեան եւ ապահովական  խնդիրներ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.