2017-11-06 09:36:00

Քաթալոնիոյ պաշտօնազրկուած նախագահն ու նախարարներ կը յանձնուին Պելճիքական ոստիկանութեան


Քաթալոնիոյ պաշտօնազրկուած նախագահ Քարլես Փուչտեմոն եւ չորս նախկին նախարարներ անձնատուր եղան պելճիքական ոստիկանութեան:

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ դատախազի մը բանբերը յայտնած է, թէ հետաքննիչ դատաւորը այսօր առաւօտեան պիտի որոշէ ուրբաթ օր սպանացի դատաւորի մը կողմէ հրապարակուած ձերբակալման եւրոպական գիրի գործադրութեան հարցը:

Եթէ դատաւորը որոշէ ընդառաջել սպանական դիմումին եւ զանոնք կալանաւորէ, Պելճիքա մինչեւ 60 օր պէտք է Քաթալոնիոյ նախկին ղեկավարները արտայանձնէ Սպանիոյ: Եթէ անոնք չառարկեն, ապա արտայանձնումը կրնայ տեղի ունենալ աւելի կանուխ:

Փուչտեմոն Պելճիքա ապաստանեցաւ, երբ Մատրիտ Քաթալոնիոյ անկախութեան հանրաքուէէն ետք շրջանը առաւ իր ուղղակի իշխանութեան տակ: Ան նախապէս յայտնած էր, որ Սպանիա պիտի վերադառնայ, երբ արդար դատավարութեան մը վերաբերեալ երաշխիքներ ստանայ:

Փուչտեմոնի հետ անձնատուր եղած չորս նախարարներն են հողագործութեան նախկին նախարար Մերթիխել Սերրեթ, առողջապահութեան նախկին նախարար Անթոնինի Քոմիր, մշակոյթի նախկին նախարար Լուիս Փուիկ եւ կրթութեան նախարար Քլարա Փոնսաթի: Անոնք երէկ տեղական ժամանակացոյցով ժամը 09:17-ին անձնատուր եղան պելճիքական դաշնակցային ոստիկանութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.