2017-11-06 10:08:00

Փարակուէյի եպիսկոպոսներուն կանոնական հնգամեայ այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) 5 – 12 նոյեմբեր 2017-ին Փարակուէյի եպիսկոպոսները ժամանած են վատիկան իրենց հնգամեայ կանոնական այցը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Հռոմ կեցութեան ընթացքին Փարակուէյի եպիսկոպոսները առիթը կ՛ունենան նախ ուխտագնացութիւն կատարելու Սուրբ Պետրոսի դամբանին ապա հանդիպելու Անոր յաջորդին՝ Ֆրանչիկսոս Քահանայապետին հետ- հուսկ տարբեր հանդիպումներ ունենալու Վատիկանի Վերին իշխանութեան պաշտօնատարներուն հետ անոնց հետ քննարկելով  հովուական առաքելութեան հայող զանազան հարցեր։

Փարակուէյի Եկեղեցին։

Փարակուէյը մաս կը կազմէ Լատին Ամերիկեան երկիրներուն, ան ունի 406.752 քմ քառակուսի տարածք եւ ըստ 2014-ի մարդահամարի տուեալներուն 6.657,232 բնակիչ, որոնց մեծամասնութիւնը կաթողիկէ են (92,10 առ հարիւր) ապա  կան բողոքականներ եւ մորմոններ։

Փարակուէյը որպէս հանրապետութիւն իր անկախութիւնը ընդունած է 1811 թուականին մինչ քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է 1550 ական թուականներուն, շնորհիւ յատկապէս Յիսուսեան Միաբանութեան միսիոնարներու քարոզութեան։

Փարակուէյի եկեղեցին այսօր կազմուած է մէկ աւագ թեմէ ու 11 ենթաթեմերէ  ապա կան երկու առաքելական տեղակալութիւններ ու զինուորական մատրանապետութիւն։

Փարակուէյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը կը գործէ զանազան յանձնախումբերու միջոցաւ որոնց շարքին նշենք ծիսական, հովուական, ընկերային հարցերու, վարդապետութեան, միսիոներական ոգեւորումի ու մշակութային ժառանգութեան յանձնախմբերը։

Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը եղած է առաջին Քահանայապետը որ այցելած է Փարակուէյը՝ 16-18 Մայիս 1988-ին, միջազգային առաքելական 37-րդ ճամբորդութեան առթիւ, որուն ընթացքին Ան այցելած է նաեւ Ուրուկուէյը, Պոլիվիան եւ Լիման։ Այդ ճամբորդութեան ընթացքին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ հռչակեց Յիսուսեան միաբանութեան անդամ ու Փարակուէյի առաջին սուրբ՝ Երանելի Ռոքքօ Կոնզալէս Տէ Սանթա Քրուզը` ու անոր նահատակ ընկերները։ Իսկ 10-12 Յուլիս 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիսացաւ երկրորդ Քահանայապետը որ այցելեց երկիրը   «ուրախութեան ու խաղաղութեան պատգամաւոր» նշանաբանով։ Այցելութեան առթիւ Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ Փարակուէյը յանձնառումով կը գործէ մնայուն ու տոկուն ժողովրդավարութեան մը կառուցման ծրագրի ի նպաստ ու խրախուսեց ընկերութեան բոլոր դերակատարներն ու քաղաքական գործիչները միշտ աւելիով տեղ յատկացնելու աղքատներուն։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.