2017-11-06 08:07:00

Սէուտական Արաբիոյ մէջ բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, ներառեալ 11 Իշխաններ ձերբակալուեցան


Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին գլխաւորած փտածութեան դէմ պայքարի նոր մարմինը ձերբակալեց սէուտցի 11 իշխաններ, չորս պաշտօնավարող նախարարներ եւ տասնեակներով նախկին նախարարներ: Ձերբակալեալներու շարքին է «Թուիթըր»-ի եւ «Ափըլ»-ի նման շարք մը ընկերութիւններու մէջ ներդրումներ կատարած Ուալիտ պըն Թալալ իշխանը:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազ շէյխ Սէուտ Մոժեպ յայտնած է, որ ձերբակալեալներուն դիրքը արգելք պիտի չըլլայ «արդարութեան խիստ ու արդար գործադրութեան»:

Սէուտական «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ ձեռնարկուած են նոր հետաքննութիւններ 2009-ին Ժետտայի մէջ պատահած ողողումներուն եւ 2012-ին թագաւորութեան մէջ «Մերս» ժահրի համաճարակի տարածման շուրջ, սակայն «Պի.Պի.Սի.» կը գրէ, որ վերլուծաբաններ ձերբակալութեան արշաւը կը նկատեն 32-ամեայ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին կողմէ իր իշխանութեան ամրապնդման յստակ քայլ մը: Ըստ «Պի.Պի.Սի.»-ին, գահաժառանգը այսպիսով վերացուցած է քարիւղով աշխարհի ամէնէն հարուստ ու իսլամութեան մեծագոյն սրբավայրերու երկրին վրայ իր ամբողջական վերահսկողութեան հաստատման վերջին արգելքները:

Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը պաշտօնազրկեց իր երկրի ազգային պահակագունդի ու ծովուժի ընդհանուր հրամանատարները եւ անոնց տեղ նշանակեց նոր հրամանատարներ








All the contents on this site are copyrighted ©.