2017-11-04 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի զեկոյցը Կաթողիկէ համալսարաններու միջազգային դաշնութեան համագումարին առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 4 նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Կաթողիկէ Համալսարաններու միջազգային դաշնութեան անդամները որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին «Փախստականներ եւ Գաղթականներ համաշխարհայնացած աշխարհի մը մէջ» բնաբանով Գրիգորեան Համալսարանի մէջ կազմակերպուած միջազգային գիտաժողովին:

Սրբազան Հայրը իր զեկոյցին մէջ նշեց թէ յիշեալ դաշնութիւնը կազմուած է գրեթէ մէկ դար առաջ «Sciat ut serviat» (Գիտնալ ծառայելու համար) բնաբանով։ Անոր նպատակն է յառաջացնել կաթողիկէ կազմաւորումը բարձր մակարդակի վրայ, օգտուելով համալսարանական զանազան իրականութիւններու հանդիպումէն բխած հարստութենէն։

Սրբազան Հայրը ապա ընդգծեց թէ  այս կազմաւորումի կարեւոր մաս է ընկերային պատասխանատուութիւնը՝ ի նպաստ աւելի արդար եւ աւելի մարդկայնական աշխարհի մը կերտումին եւ անդրադարձաւ դաշնութեան գործունէութեան երեք անհրաժեշտութիւններուն՝ հետազօտութիւն, ուսուցում եւ ընկերային յառաջացում։

Ֆրանչիսկոս Պապ  մանրամասնելով այս երեք անհրաժեշտութիւնները ըսաւ է, թէ կաթողիկէ համալսարանները միշտ փորձած են ներդաշնակութիւն ստեղծել գիտական եւ աստուածաբանական հետազօտութիւններու միջեւ, երկխօսութեան մէջ դնելով բանականութիւնը եւ հաւատքը։ Սրբազան Հայրը այս հարցին առընչեց գաղթականութեան խնդիրը եւ ապա կոչ ուղղեց «խորացնել աստուածաբանական խոկումը գաղթականութեան շուրջ, նկատելով զայն իբր ժամանակներու նշան, որովհետեւ Եկեղեցին միշտ գաղթականներուն մէջ նկատած է Քրիստոսի պատկերը (հմմտ Մտթ ԻԵ. 35)։

Ինչ կը վերաբերի ուսուցումին՝ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ կաթողիկէ համալսարանները որդեգրեն ծրագրեր՝ նպաստելու գաղթականներու ուսուցման՝ զանազան մակարդակներու վրայ ։ Կաթողիկէ համալսրանները կարող են նաեւ աջակցիլ գաղթականներու եւ փախստականներու ակադեմական տիտղոսներու ձգտումին եւ մասնագիտութիւններու ընդունման, նպաստելով անոնց եւ զանոնք ընդունող ընկերութիւններուն։ Եւ որպէսզի պատշաճօրէն պատասխան տրուի գաղթականութեան մարտահրաւէրներուն, պէտք է յատուկ կերպով կազմել հոգեւոր հովիւներ, որոնք կը նուիրուին գաղթականներու եւ փախստականներու օգնութեան- ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց կաթողիկէ վարժարանները, դաստիարակելու աշակերտները, որոնց շարքերէն ոմանք պիտի ըլլան քաղաքագէտներ, գործարարներ, եւ մշակոյթի արհեստաւորներ,  գաղթականութեան երեւոյթի հայող դասընթացքներով՝ արդարութեան հեռանկարով եւ մշակութային բազմազանութեան մէջ ։

Վերջապէս, Սրբազան Պապը խօսեցաւ ընկերային յառաջացումի մասին, ընդգծելով կաթողիկէ համալսարանի պարտականութիւնը այն ընկերութեան հանդէպ ուր կը գործէ։ Սրբազան Քահանայապետը ապա մատնանշեց թէ Գաղթականութեան նկատմամաբ Սուրբ Աթոռի Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան բաժանմունքը առաջարկած էր գործունէութեան 20 կէտեր, իբր նպաստ 2018 թուականի երկրորդ կէսին միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ, գաղթականներու եւ փախստականներու նկատմամբ որդեգրելիք երկու Համաշխարհային Դաշինքներու պատրաստութեան գործընթացին։ Կաթողիկէ համալսրանները կրնան կարեւոր դեր մը խաղալ այս մարզէն ներս, կատարելով նաեւ կամաւորական աշխատանքներ փախստականներու, քաղաքական ապաստանեալներու եւ գաղթականներու օգնութեան ծրագիրներու ծիրեն ներս ըսաւ ապա  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը որ զեկոյցին աւարտին, անդրադարձաւ Սուրբ Քարլօ Պորրոմէոյի, որուն տօնը կը կատարուի այսօր` հաստատելով թէ <<այս սուրբը եղած է լուսաւոր եւ խանդավառ հովիւ մը, որ իբր բնաբան ընտրած էր խոնարհութիւնը>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.