2017-11-04 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Sixt» գործակալութեան ներկայացուցիչները


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 4 նոյեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց «Sixt» գործակալութեան, աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանող ներկայացուցիչները, որոնք  գործակալութեան   “Drying Little Tears”  հիմնարկին  միջոցաւ,  բարեսիրական  աշխատանքներ կը տանին, յատկապէս դժուարութիւններու մէջ գտնուող մանուկներուն ի նպաստ։  

Սրբազան Հայրը ներկաներուն ուղղած խօսքին մէջ ընդգծեց  գործակալութեան ներկայացուցիչներուն  ազնուական բարձր կոչումը, որ է մշտական ծառայութիւն հասարակաց բարիքին ի  նպաստ, հասանելի դարձնելով  աշխարհի բարիքները բոլորին։   

Ան ապա  անդրադառնալով մանուկներուն,  յատկապէս տկարութեան մէջ գտնուող փոքրիկրներոն, դիտել տուաւ , որ շօշափեկի ծրագիներու միջոցաւ,  մանուկներու արցունքները սրբելը , կը նպաստէ աւելի մարդկային ըներութեան կառուցման։  

Ֆրանչիսկոս Պապ  քաջալերեց ներկաները յարատեւելու իրենց աշխատանքներուն  մէջ,  այն համոզմունքով, որ Աստուածային քնքշութիւնը կը  ցոլայ յատկապէս անմեղ մանուկներուն, աջակցութեան եւ ուշադրութեան  կարիքը ունեցող անձերուն մէջ։

Նորին Սրբութիւն խօսքը աւարտեց խնդրելով ներկաներէն,  որ աղօթեն ՝եկեղեցւոյ ծառայութեան ի սպաս  իր առաքելութեան համար, շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները։  








All the contents on this site are copyrighted ©.