2017-11-04 10:03:00

Սուրիոյ մէջ կաթողիկէ հիւանդանոցները բժշկական օգնութիւն պիտի տրամադրեն Սուրիացի աղքատներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ մէջ տակաւին կը տիրէ տխուր եւ անկայուն վիճակ, ուր ռմբակոծումներու  եւ բախումներու պատճառաւ անթիւ մարդիկ կը մեռնին։  Սակայն արաբական՝ այդ ողբերգական  երկրին մէջ  ամենէն շատ  մարդիկ կը մեռնին առողջապահական խնդիրներուն պատճառաւ։ Ի տես այս իրականութեան  Սուրիոյ մէջ  Պապական նուիրակ գերապայծառ Մարիօ Զենարիին  նախաձեռնութեամբ եւ  շնորհիւ Ֆրանչիսկոս Սբրազան Քահանայապետին աջակցութեան , Սուրիոյ մէջ կաթողիկէ հիւանդանոցներն ու Քարիթասը  պատրաստութիւններ կը տեսնեն, անվճար հոգալու  Սուրիացի աղքատներուն առողջապահական կարիքները, անկախ անոնց կրօնային դաւանանքէն։ Այս մասին յայտնած է Սուրիոյ մէջ Պապական Նուիրակը։    








All the contents on this site are copyrighted ©.