2017-11-04 10:44:00

Նախագահ Սարգսեան շեշտեց Հայ-հնդկական յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 4 նոյեմբերին Նիւ Տելհիի մէջ հանդիպում ունեցած է Հնդկաստանի նախագահ Ռամ Նաթ Քովինտի հետ` նորանոր ձեռքբերումներ մաղթելով Հնդկաստանին ու բարեկեցութիւն հնդիկ ժողովուրդին:

Նախագահ Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է, որ նախագահ Քովինտի հետ հանդիպումը նոր լիցք պիտի հաղորդէ հայ եւ հնդիկ ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման ու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման: Ան գոհունակութեամբ խօսած է այս այցելութեան ծիրին մէջ վարչապետ Մոտիի եւ փոխնախագահ Նայտուի հետ կայացած արդիւնաւէտ հանդիպումներուն մասին, որոնց ընթացքին հանգամանալից անդրադարձ կատարուած է միջխորհրդարանական եւ միջկառավարական մակարդակներով հայ-հնդկական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու խորացման:

Անդրադառնալով հայ-հնդկական դարաւոր բարեկամութեան` Սերժ Սարգսեան նշած է, որ երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւններուն մասին մեծ թիւով յիշատակումներ կան պատմիչներու գործերուն մէջ: Ան խօսած է Կալկաթայի համայնքին մասին, որ 17-19-րդ դարերուն շատ կենսունակ էր եւ աշխուժ հասարակական-քաղաքական մասնակցութիւն ունէր ո՛չ միայն Հնդկաստանի, այլ նաեւ ամբողջ հայութեան կեանքին մէջ: Այդ առիթով նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Հնդկաստանի նախագահին եւ հնդիկ ժողովուրդին` Հնդկաստանի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ ցուցաբերուող հոգատար վերաբերմունքին համար:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշած է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր անցած 25 տարիներուն Հայաստան եւ Հնդկաստան կրցած են պատմական խոր արմատներ ունեցող բարեկամական յարաբերութիւնները վերածել միջպետական ջերմ եւ գործընկերային յարաբերութիւններու` յոյս յայտնելով, որ բարձրամակարդակ պարբերական հանդիպումները կ՛օգնեն լիարժէքօրէն բացայայտելու երկու երկիրներուն միջեւ առկայ համագործակցութեան մեծ ներուժն ու նախանշելու երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնման ուղղութիւնները:

Հնդկաստանի նախագահը շնորհաւորած է հայաստանցի իր պաշտօնակիցը` Հայաստանի մէջ կատարուող բարեփոխումներու եւ պետական կառավարման նոր համակարգի անցնելուն առիթով:

Հայ-հնդկական երկկողմանի եւ բազմակողմանի փոխադարձ գործակցութեան օրակարգի հարցերէն բացի, անդրադարձ կատարուած է շրջանային խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, որոնց կարգին` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման:  Նախագահ Ռամ Նաթ Քովինտ վերահաստատած է տագնապները խաղաղ ուղիով եւ երկխօսութեան միջոցով լուծելու` իր երկրին դիրքորոշումը եւ ընդգծած, որ Հնդկաստան կ’աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն միջնորդական ջանքերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.