2017-11-03 13:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Նեթունոյի Ամերիկեան գերեզմանոցին մէջ արտասանած քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 2 նոյեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց  «Նեթունօ» քաղաքի Բ աշխարհամարտի ընթացքին զոհուած ամերիկացի զինուորներու նուիրուած՝  Ամերիկեան գերեզմանոցը,  այնտեղ գլխաւորելով պատերազմներու զոհ ննջեցեալներուն հոգւոյն նուիրուած հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագը, որուն առթիւ արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց,  թէ այսօր յոյսով  համախմբուած ենք այս վայրին մէջ եւ իւրաքանչիւր անձ կարող է  իր սրտին մէջ  կրկնել Հոփ Նահապետի յոյսի խօսքը. «Ես կը հաւատամ որ իմ Փրկիչս կենդանի է»։ Յոյս հանդիպելու Աստուծոյ հետ  եւ  վերստին հանդիպելու բոլորս որպէս եղբայրներ ։  Յոյս մը, որ արդարեւ չի հիասթափեցներ։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց գերեզմանին ու բացագանչեց «Տէր, հաճիս կը խնդրեմ, բաւ է պատերազմ. ոչ երբեք պատերազմ, ոչ երբեք այս անիմաստ սպանդը, ինչպէս ըսած էր Պենետիկտոս ԺԵ ապա Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու երիտասարդներուն համար, ակնարկելով որ գերեզմանին մէջ թաղուած են անոնցմէ շատեր։

Պատերազմը ըսաւ ապա Սրբազան քահանայապետը մեր կործանումն է ու ամէն անգամ, որ մարդիկ կը ծրագրեն պատերազմ մը, կարծելով որ ան նոր աշխարհ մը պիտի ստեղծէ,  իրականութեան մէջ պատերազմը դառնայ մահուան ու սարսափի  թագաւորութիւն։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ հրաւիրեց աղօթել պատերազմներու բոլոր զոհերուն համար,  ապա քարոզը եզրափակեց հաստատելով թէ պատերազմի պտուղը մահն է, հայցելով Տիրոջ շնորհքը որպէսզի մեզի կարողութիւնը ընծայէ արտասուելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.