2017-11-03 13:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապի «Ֆոսսէ Արտէաթինէ» յուշահամալիրի պատուոյ մատեանին մէջ արձանագրած գրութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) «Ատելութիւն, մահ ու ոխ…Ասոնք են պատերազմի հետեւանքները, Տէր ներէ մեզի» այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին արձանագրած խօսքերը  առաջին աշխարհամարտի ընթացքին Նացիականներու կողմէ Իտալացի «ընդդիմադիրներու» դէմ գործադրուած սպանդի` ի յիշատակ «Ֆոսսէ Արտէաթինէ» յուշահամալիրի պատուոյ մատեանի վրայ։ Արդարեւ Սրբազան Քահանայապետը` Օր Մեռելոցի առթիւ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն ետք, հինգշաբթի 2  նոյեմբերին այցելութիւն տուաւ յուշահամալիրին,  այնտեղ  աղօթելով սպանդի  355 զոհերուն համար, որոնց շարքին կային նաեւ 75 հրեաներ։ Սրբազան Քահանայապետը անոնց շիրիմներուն վրայ զետեղեց ճերմակ վարդեր ուր ապա երկարօրէն լռութեամբ ամփոփուեցաւ ,ապա աղօթք բարձրացուց առ Աստուած , որուն մէջ նշեց,  թէ մեր Աստուածը Յարութեան Աստուած է,  որ սիրոյ եւ ողորմութեան դաշինք կնքեց իւրաքանչիւր տանջուած մարդու ու ժողովուրդի հետ, ապա հաստատեց թէ Աստուծոյ առջեւ ոչ մէկը կը մնայ անյայտ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.