2017-11-03 08:31:00

Փութին, Ռոհանի Եւ Ալիեւ շրջանի հակամարտութիւնները խաղաղօրէն լուծելու կոչ կ՛ընեն


ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները Նոյեմբեր 1ին կոչ ըրած են արագօրէն կարգաւորելու տարածաշրջանի հակամարտութիւնները՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն հիման վրայ:

Արդարեւ, Թեհրանի մէջ կայացած եւ գլխաւորաբար ուժանիւթի եւ փոխադրական մարզերուն մէջ գործակցութիւնը սերտացնելու հարցին նուիրուած եռակողմանի վեհաժողովէն ետք, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած են. «Կողմերը կ՛ընդունին այն իրականութիւնը, որ տարածաշրջանին մէջ չկարգաւորուած հակամարտութիւնները զգալի խոչընդոտ կը հանդիսանան տարածաշրջանային համագործակցութեան դիմաց, եւ կ՛ընդգծեն բանակցութիւններու ճամբով անոնց շուտափոյթ կարգաւորման կարեւորութիւնը՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ անոնց կապակցութեամբ ընդունուած փաստաթուղթերու եւ որոշումներու հիման վրայ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.