Թուրքիոյ մէջ 100 հազարէ աւել ուսանող դատական խնդիրներու մէջ է, որոնցմէ 70 հազարը կը գտնուին բանտերու մէջ:
Թրքական Cumhuriyet–ի փոխանցմամբ` Արդարադատութեան նախարարութեան տուեալներով բանտերու մէջ գտնուող 70 հազար ուսանողներու մէկ մասը, որոնք արդէն մեղաւոր ճանչցուած են, հեռացուած են համալսարաններէն, իսկ միւսները դեռ կը գտնուին ուսանողի կարգավիճակի մէջ:
Հակառակ ուսանողի կարգավիճակին, բանտերու մէջ գտնուող ուսանողները զրկուած են մասնագիտական գիրքերէ եւ քննութեան մասնակցելու իրաւունքէ:
Կը նշուի, որ ուսանողներու զգալի մասը ձերբակալուած է յեղաշրջման փորձէն ետք արտակարգ իրավիճակ յայտարարուելէ ետք:
Ձերբակալուածներուն մէկ մասն ալ կը մեղադրուի «ահաբեկչական կառոյցի անդամ ըլլալու» կամ «ահաբեկչական կառոյցին աջակցելու» մեղադրանքներով:
All the contents on this site are copyrighted ©. |