2017-11-01 09:02:00

Արամ Ա. «Անհրաժեշտ է Միջին Արեւելքի կրօնական ու մշակութային բազմազանութիւնը պահել»


Յունաստանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած Աթէնքի երկրորդ միջազգային համագումարին իր արտասանած խօսքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց Միջին Արեւելքի կեանքին ու պատմութեան իւրայատուկ երեւոյթը կազմող ցեղային, կրօնական եւ մշակութային բազմազանութիւնը պահելու հրամայականը: Մեկնելով այս շեշտաւորումէն եւ անդրադառնալով Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն` Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ չորս կէտերուն մէջ.

Կեանքը աստուածատուր իրականութիւն մըն է: Մարդը կոչուած է պահելու եւ պաշտպանելու կեանքը. հետեւաբար, կեանքը ապականելու ձգտող որեւէ արարք մեղանչում մըն է Աստուծոյ նկատմամբ: Այս է ուսուցումը միաստուածեան երեք կրօններուն:
Բազմազանութիւնը Աստուծոյ ստեղծագործութեան իւրայատուկ երեսներէն մէկն է. ան հարստացուցիչ երեւոյթ է: Հետեւաբար Միջին Արեւելքի կրօնական, մշակութային եւ ցեղային բազմազանութիւնը պահելն ու զարգացնելը բոլորին հիմնական մտահոգութիւնը պէտք է դառնայ:
Ծայրայեղութիւնը մերժելի երեւոյթ մըն է բոլոր կրօններուն կողմէ: Որեւէ կրօն իրաւունք չունի իր արժէքներն ու ուսուցումները պարտադրելու: Արժէքներու եւ աւանդութիւններու գոյակցութիւնը հիմքն է ազգերու համակեցութեան:
Խաղաղութիւնը աստուածատուր իրաւունք է, սակայն ճշմարիտ ու մնայուն խաղաղութիւնը հիմնուած է արդարութեան վրայ:

Ապա, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան եւ յիշեց, որ կրօնական ծայրայեղութիւնը, արտաքին ուժերու միջամտութիւնը, ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց անտեսումը այլազան տագնապներ յառաջացուցած են շրջանին մէջ` հարցականի տակ առնելով մշակոյթներու ու կրօններու համակեցութիւնը: Միջին Արեւելքը լուրջ վտանգներու կրնայ ենթարկուիլ, եթէ իր ինքնութեան անբաժան մասը կազմող բազմազանութիւնը վտանգուի, յիշեցուց վեհափառ հայրապետը եւ կոչ ուղղեց, որ երեք միաստուածեան կրօններու առաջնորդները քաղաքական ղեկավարներու հետ միասնաբար դիմեն այնպիսի քայլերու, որոնցմով կարելի ըլլայ պահպանել Միջին Արեւելքի բազմազանութիւնը:

Յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողքին համագումարին ներկայ եղան Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան: Համագումարին նաեւ կը մասնակցէր Մեսրոպ ծ. վրդ. Սարգիսեան` իբրեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց պետութեան պատուիրակութեան անդամ:

Համագումարին բացումը կատարեց Յունաստանի նախագահը, ապա ժողովին ատենապետութիւնը ստանձնեց արտաքին գործոց նախարարը: Ներկայ էին աւելի քան 200 ներկայացուցիչներ` պետական, դիւանագիտական, կրօնական եւ միաստուածեան երեք կրօնները ներկայացնող հոգեւոր ղեկավարներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.