2017-11-01 08:21:00

Աշխարհահռչակ Սիքտսինեան Մատուռը 505 տարեկան։


(Ռատիօ Վատիկան) Վերածնունդի դարաշրջանի հռչակաւոր արուեստագէտ Միքելանճելոյի գլուխ գործոց նկատուած Սիքստինեան Մատուռը, այս տարի կը բոլորէ իր 505-րդ ամեակը։ Արդարեւ մատրան առաստաղի նկարազարդումի աշխատանքները աւարտած են է 1512-ի՝ հոկտեմբերի 31-ին ու անոր բացումը կատարուած է երկկորդ օրը՝ Նոյեմբեր մէկին, Ամենայն սրբոց տօնին օրը։

Յուլիոս Բ Քահանայապետը 1508թ.-ին Միքելանճելոյին յանձնած էր Մատրան կամարներու զարդարումը, որ տեւած 4 տարի։ Ուշագրաւ է այն հանգամանքը, որ նկարիչը կամարները նկարազարդելու համար միայնակ աշխատած է ու որոշ ժամանակ անց խոնաւութեան պատճառով վնասուած ըլլալուն համար ստիպուած եղած է վերստին իրականացնել աշխատանքը։

Հակառակ որ անցած են 505 տարիներ Սիքստինեան մատուռը չէ կորսնցուցած իր գեղեցկութիւնը և այսօր եւս կը շարունակէ  զարմացնել ու հիացնել միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ՝ որոնք ամէն օր մեծ թիւով կը փութան, Վատիկանի թանգարան մօտէն դիտելու այդ հանճարեղ արուեստագէտի ստեղծագործութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.