2017-10-31 09:00:00

Տօն Ամենայն Սրբոց


Կաթողիկէ Եկեղեցին Նոյեմբեր ամսուայ առաջին օրը կը յատկացնէ բոլոր սուրբերուն յիշատակին, մեզ հրաւիրելով քննելու մեր կրօնական անցեալը, եւ մեր առջեւ դնելով ապագային մեր քրիստոնէական հաւատքը: Այս օրը ժամադրութիւն մըն է այն մարդոց եւ կիներուն որոնք պատմութեան մէջ իրենց հաւատքով եւ հրաշքներով եւ երբեմն ալ իրենց հետ թափած իրենց արիւնով կրցան նահատակութեան եւ սրբութեան հետքեր եւ դասեր ձգել համայն քրիստոնէութեան :

Այսօր Եկեղեցին ուրախ է որովհետեւ մեզի կը ցուցնէ բոլոր զաւակները: Եկեղեցին հպարտ է անոնցմով որոնք ապրեցան ճշմարիտ եւ ճշգրիտ երանութիւնները Քրիստոսին : Կը յիշենք բոլոր անոնք որոնք մաս կազմեցին աշխարհիս եւ մանաւանդ քրիստոնէութեան պատմութեան , ինչպէս առաքեալները , նահատակները եւ բոլոր սուրբերը որոնք սուրբ հըռչակուեցան տիեզերական Եկեղեցւոյ կողմէն եւ առաջին եկեղեցիէն : Անոնց անուանացանկին մէջ կան նաեւ անոնք որոնք ճանչցուեցան ժողովուրդին կողմէն իրենց սրբութեան եւ բարի կամքին . անոնց մէջ ալ կրնաք դասել կարգ մը բարի եւ հաւատացեալ մարդիկ որոնք կրցան վկայել Քրիստոսի առաքելութեան , հաւատքին , ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն եւ կենցաղին . օրինակի համար, մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակները որոնք քաջաբար ընդիմացան թուրքի անկրօն կոչին՝ ուրանալու քրիստոսի հաւատքը եւ դառնալու այլազք դաւանանքին , կամ նաեւ մեր ընտանիքի կարգ մը անձերու որոնք սրբութեան հոտը տարածեցին զանազան տեղեր եւ որոնց միջոցաւ պատճառը եղան անհաւատ անձերու եւ կամ տարակոյսի մէջ գտնուողներուն կամքը փոխելու :

Եկեղեցին մեզի կը ներկայացնէ իր սուրբերը ոչ թէ որպէս արխիւի մէջ դրուած անուններ , այլ որպէս մեր հաւատքի ճանապարհի ուղղեցոյց մը, մանաւանդ ընկերացող մը որ կրնայ հոգեւոր գետնի վրայ օգնել եւ միշտ ելլելու մեր դժուարութիւններէն եւ կեանքի թշուառային փորձութիւններէն , եւ սրբութեան ճամբան բռնելով :

Սուրբ Յովհաննէսը մեզի կը խօսի նոր երկնքի եւ նոր ցամաքի մասին : Իրեն համար ձեւ մըն է ներկայացնելու աշխարհիս եւ եկեղեցւոյ ապագան, մեզ կ'ուղղէ ապագային արհեստը սորվելու եւ որուն մէջ այսօր մենք կը քալենք : Քրիստոսի հետ ամէնքս կանչուած ենք սուրբերու յաղթանակը բաժնելու :

Ամենայն Սրբոց տօնը բոլորիս կ'աւետէ արցունքներուն, չարչարանքներուն եւ մահուան վերջը, այսօր յոյսի պատգամ մըն է զոր իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է զայն լաւ ընդունիլ եւ ըմբռնել, որովհետեւ պատգամ մըն է կեանքի երջանկութեան եւ բարօրութեան : Աստուած կ'ուզէ իր բոլոր ազատ եւ փրկուած զաւակները հաւաքել: Մեր կոչումը պիտի ըլլայ մտնելու այս լոյսին մէջ որովհետեւ մեզ սրբութեան կը տանի :

Սրբութիւնը նուէր մըն է զոր Աստուած կը շնորհէ մեզի . իւրաքանչիւրս լաւ ընդունելու ենք այս նուէրը հակառակ որ իր մէջ կան նաեւ չարչարանքներ ու ցաւեր , եւ սակայն բոլորս ալ պիտի փրկուինք եւ խորաններուն վրայ կրնանք սրբադատուիլ:

« Ուրախացէք եւ բերկրանքին մէջ մնացէք » կ'ըսէ մեզի Յիսուս , ուրախութեան իմացականութիւնը Աստուծոյ արքայութիւնն է : Երբ նկատենք զինք որպէս առաջնորդը եւ առաջնահերթը մեր կեանքին , պատրաստ կ'ըլլանք զոհելու ամէն ինչ ունենալու համար իսկական երջանկութիւնը :

Թող այս օրը սրբութեան պատգամ մը ըլլայ բոլորին կեանքին մէջ, երջանիկ հաւատքով լի ապրելու համար: Ամէն :

Հայր Գէորգ Եպսկ. Ասատուրեան      








All the contents on this site are copyrighted ©.