2017-10-30 09:48:00

Պարզանի չորեքշաբթի օր պիտի հրաժարի


Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի երէկ մարզի խորհրդարանին նամակ մը յղելով յայտարարեց. «Կը մերժեմ նոյեմբեր մէկէն ետք Քիւրտիստանի մարզի նախագահութեան նոր նստաշրջան մը ստանձնել, կը մերժեմ նախագահութեան նստաշրջանի երկարաձգումը, պիտի շարունակեմ փեշմերկաներու շարքին զինուոր մը մնալ եւ իրաւունքներու տիրացման հարցին մէջ պիտի ըլլամ ժողովուրդի շարքերուն մէջ»:

Քրտական մարզի խորհրդարանը երէկ իր նիստը մէկ ժամով ընդհատեց, երբ խորհրդարանին մէջ Պարզանիի համակիրներուն եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ ծեծկռտուք տեղի ունեցաւ: Պարզանիին համակիրները յարձակում գործած են Նոր Սերունդ հոսանքի բանբերին դէմ, երբ վերջինս Պարզանին ամբաստանած է շրջանի ղեկավարման մէջ ձախողելու յանցանքով: «Իրաքի Քրտական մարզի նախագահութիւնը մարզի դիմագրաւած հարցերուն աղբիւրն էր», ըսած է ան: Պարզանիի ղեկավարած Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան խորհրդարանական պլոքը յայտնած է. «Պարզանին պիտի շարունակէ մնալ քաղաքական ղեկավար եւ փեշմերկաներուն ղեկավարը»:

Քրտական մարզի խորհրդարանին նիստը յատկացուած էր նախագահի իրաւասութիւններուն գործադիր ու օրէնսդիր իշխանութիւններուն միջեւ բաժանման հարցին:

Նշենք, որ Պարզանի շաբաթ օր կոչ ուղղած էր յառաջիկայ ամիս Քրտական մարզին մէջ նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու եւ մերժած էր իր նստաշրջանի ժամկէտի որեւէ բարեփոխում կամ երկարաձգում:

Իրաքեան կառավարութեան բանբեր Սաատ Հատիսի շաբաթ օր յայտնեց, որ իրաքեան միացեալ ուժերուն եւ փեշմերկաներուն միջեւ Մուսուլի մէջ ժողովներ տեղի կ՛ունենան: Իրաքեան ուժերու սպայակոյտի պետ Օսման Ղանեմի իր կարգին նշեց, որ փեշմերկաները նահանջած են դէպի 2003-ի իրենց դիրքերը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.