2017-10-30 09:51:00

Նիւ Եորք. Սենթ Փեթրիք Տաճարին մէջ Ս. Շարպելի սրբապատկերի օրհնութիւն։


Անցեալ շաբաթավերջին Նիւ Եորքի Սենթ Փեթրիք տաճարին մէջ բացումը կատարուեցաւ Ս. Շարպելի սրբապատկերը կրող պատին:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հովուապետական այցելութեամբ մը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ, կատարեց պատին օրհնութիւնը:

Այս առիթով, Ռայի պատրիարքը նախագահեց նաեւ տաճարին մէջ մատուցուած պատարագին, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Ս. Շարպելի կեանքին  եւ սրբադասման` շեշտելով, որ Ս. Շարպել ամէնուրեք բարիք կը բաշխէ` աւելցնելով, որ ան իր բարիքներով առատաձեռն սուրբն է, որ Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մխիթարութեան խորհրդանիշն է:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ Ս. Շարպել չարչարուեցաւ, մահացաւ եւ ապա սրբացաւ` աւելցնելով, որ ցաւը, մահն ու յարութիւնը քրիստոնէութեան գաղտնիքներն են:

«Ս. Շարպել մարգարիտի մը պէս կը շողայ այս տաճարին ճակատին», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.