2017-10-30 09:43:00

Հարիւր հազարաւորներ Պարսելոնայի մէջ ցոյց կը կատարեն Սպանիայէն անջատման դէմ


Հարիւր հազարաւորներ Պարսելոնայի մէջ ցոյց կատարեցին Քաթալոնիոյ` Սպանիայէն անջատման դէմ եւ Քաթալոնիոյ վարչապետ Քարլես Փուչտեմոնի բանտարկութիւնը պահանջեցին: Մինչ ցոյցին կազմակերպիչներն ու Մատրիտը յայտնեցին, որ մասնակիցներուն թիւը աւելի քան մէկ միլիոն է, քաթալոնական ոստիկանութիւնը նշեց, որ այդ թիւը 300 հազար է:

Ցուցարարները սպանական դրօշներ բարձրացուցին եւ «Կեցցէ՛ Սպանիան» եւ «Փողոցները բոլորին համար» կարգախօսները բացագանչեցին: Քաթալոնիոյ մեծագոյն ընդդիմադիր կուսակցութիւնը յայտնեց, թէ շրջանի «լռեցուած մեծամասնութիւնը» այժմ իր ձայնը կը բարձրացնէ:

Պելճիքայի գաղթականներու հարցով նախարար Թէօ Ֆրանքեն յայտարարեց, որ Փուչտեմոնի` Պելճիքայի մէջ քաղաքական ապաստան տրուիլը անիրատեսական չէ, եթէ ան այդպիսի պահանջ ներկայացնէ:

Սակայն Քաթալոնիոյ փոխվարչապետը ընդգծեց, որ Քարլես Փուչտեմոն Քաթալոնիոյ ղեկավարն է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ:

Սպանիոյ կառավարութեան բանբեր Ինիեկէ Մենտտեզ տէ Վիկօ յայտնեց, որ հակառակ պաշտօնէն հեռացման` Փուչտեմոն քաղաքականութեամբ զբաղիլ շարունակելու իրաւունքը ունի:

«Եթէ Փուչտեմոն մասնակցի այդ (կանխահաս) ընտրութիւններուն, ան կրնայ իր ժողովրդավարական ընդդիմութիւնը կիրարկել», ըսաւ ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.