2017-10-30 10:02:00

Իրինդ գիւղի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ վերականգնումը նախատեսուած աւարտել մինչեւ տարեվերջ։


Արագածոտնի մարզի Իրինդ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները սկսած են դեռ 2007 թուականին: Այս տարուան ծրագիրով պէտք է նորոգուին եկեղեցւոյ տանիքի ծածկը, յատակը, վերականգնուի սուրբ սեղանը, խորանը: Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան լրագրողներու ուղեկցութեամբ Հոկտեմբեր 28-ին հետեւած է իրականացուող աշխատանքներու ընթացքին:

 «12 տարի շարունակ պետական պիւտճէն ամէն տարի որոշ գումար կը տրամադրէ այս պատմամշակութային յուշարձանի վերականգնման: Այս տարուան աշխատանքները մեկնարկած են Օգոստոս 1-էն եւ մինչ այսօր սպասուելիք շինարարական գործերուն մօտ 40 տոկոսը  կատարուած է: Այս տարուան ծրագիրով պէտք է դրուի եկեղեցւոյ կղմինդրէ տանիքի ծածկոյթը, նորոգուի յատակը, վերականգնուի սուրբ սեղանը, խորանը»,- «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` նշած է նախագիծի հեղինակ Մերի Դանիէլեանը:

Ան շեշտած է, որ շինարարական աշխատանքներուն աւարտը մօտ է, սակայն ջերմաստիճանի նուազման պարագային, ստիպուած կ՛ըլլան յետաձգել այդ գործընթացը: «Արհովշին» շինարարական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Կարէն Նազլուխանեանի խօսքով` այժմ կը նորոգուի եկեղեցւոյ յատակը, գմբէթարդ տանիքը, որ տասը օրէն կանգուն պիտի ըլլայ: «Անհրաժեշտ է պատուհաններ եւ դռներ տեղադրել, ատկէ ետք եղէնակային պայմանները չեն խոչընդոտեր ներսի աշխատանքները իրականացնելու համար: Պէտք է աւարտէինք մինչ Նոյեմբեր 15-ը, բայց ժամկէտները հնարաւոր է երկարաձգել»,-ըսած է Նազլուխանեանը:

Այս տարուան ծրագիրով եկեղեցւոյ վերականգնման համար յատկացուցած է 27 միլիոն դրամ պիւտճէ: Ծանօթանալով կատարուած աշխատանքներուն` Արմէն Ամիրեան յորդորեց նախապէս նախարարութեան հետ համաձայնեցնել այն երկրները, որոնցմէ պիտի գնուին կամ կը գնուին շինարարութեան համար անհրաժեշտ պարագաները:

Արագածոտն մարզի Իրինդ գիւղին մէջ գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 7-րդ դարուն: Մինչեւ մեր օրերը պահպանուած էին եկեղեցւոյ հիւսիսարեւելեան հատուածը, իսկ մինչեւ թմբուկի վերին քիւը եկեղեցւոյ հարաւարեւմտեան մասը պահպանուած էր 2-4 քարի շարքի չափով: 2007-էն առ այսօր եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուին վերականգնողական աշխատանքներ: Այն հանրապետական նշանակութեան յուշարձան է: Ծաւալատարածական լուծումներով համահունչ է Եղուարդի 7-րդ դարու Զօրավար եկեղեցւոյ:








All the contents on this site are copyrighted ©.