2017-10-30 12:58:00

«Բարի Հովիւը կարող է յուզուիլ ու միշտ մօտիկ է վիրաւորին» Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Բարի Հովիւ մը միշտ կը մօտենայ անտեսուածներուն, կարող է յուզուիլ ու չամչնար դպչելու վիրաւորին։ Այն որ կղերապաշտութեան ճամբուն կը հետեւի կը ձգտի իշխանութեան ու դրամին»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երկուշաբթի 30 հոկտեմբեր 2017-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, մեկնաբանելով օրուան աւետարանը որ քաղուած էր Ղուկաս աւետարանիչէն՝ ուր Յիսուս կը բուժէ  հիւանդ կին մը։

Աւետարանիչը կը գրէ. Յիսուս տեսաւ կինը, կանչեց զայն ու Անոր վրայ դրաւ իր ձեռքերը ու ան իսկոյն բուժուեցաւ։ Աւետարանիչը օգտագործեց «մօտիկութեան» հինգ բայեր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որովհետեւ Հովիւը միշտ մօտիկ է, այնպէս ինչպէս Ան մօտիկ է հօտին ու կորսուած ոչխարին։ Հովիւը կարող չէ ապրիլ ժողովուրդէն հեռու, մինչ կղերապաշտը, օրէնքի վարդապետները, փարիսեցիներն ու սադուկեցիները կ՛ապրէին անջատուած ժողովուրդէն, մշտապէս յանդիմանելով զայն։ Անոնք բարի հովիւներ չէին, ըսաւ Սրբազան Պապը, անոնք փակուած էին իրենք իրենց մէջ ու ժողովուրդով չէին հետաքրքրուած, այլապէս անոնց մտահոգութիւնը մի գուզէ կապուած էր շահին։

Յիսուս, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, մօտ էր տառապողին, Ան գիտեր մօտենալ, գթութիւն արտայայտել, ողորմած ըլլալ։ Ան՝ մեծագոյն Հովիւը, մեզի սորվեցուց թէ ինչպէս Բարի Հովիւը ինքզինք նուաստացուց ու առաւ ծառայի կերպարանք։

Երբ Աստուծոյ ժողովուրդը կը տեսնէ թէ չար հովիւները կը պախարակուին, ուրախ է, յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ Աստուծոյ ժողովուրդին համար շնորհք է բարի հովիւներ ունենալ՝ Յիսուսի նման Հովիւներ, որոնք չեն ամչնար դպչելու վիրաւորին, ու գիտեն թէ անոր հիման վրայ պիտի դատուին։ Անօթի էի, բանտարկեալ էի, հիւանդ էի…. մօտիկութեան ու կարեկցութեան ազդանշաններ։

Չի մոռնանք այս մէկը, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը ու շեշտելով թէ . Բարի Հովիւը միշտ մօտիկ է մարդոց, միշտ, այնպէս ինչպէս մօտիկ է մեր Հայրը՝ Աստուած, որ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ իր մօտիկութիւնը յայտնեց մեզի։  








All the contents on this site are copyrighted ©.