2017-10-28 20:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի «(Re)Thinking Europe» երկխօսութեան հաւաքի մասնակիցներուն։


 (Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 28 հոկտեմբեր 2017-ին, յետմիջօրէին  5-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  Սիւնհոդոսական սրահի իր գրասենեակին մէջ, յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Եւրոպական յանձնախումբի փոխ նախագահ Տիար Ֆրանս Էիմմերմանսի, Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Տիար Անթոոնիօ Թայյանիի ու Եւրոպական խորհրդարանի փոխ նախագահ Տիկ Մայրըտ ՄաքԿինէսի։

Սոյն հանդիպումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը  փոխադրուեցաւ քովնտի սիւնհոդոսական սրահ ուր համախմբուած էին՝  «(Re)Thinking Europe՝ վերամտածել Եւրոպան՝ քրիստոնէական նպաստ «Եւրոպա Ծրագրի» ապագային խորագրեալ երկխօսութեան ձեռնարկի մասնակիցները ու անոնց  փոխանցեց իր պատգամը։

Նշենք թէ վերոնշեալ ձեռնարկը կազմակերպուած է Եւրոպայի Միութեան Եպիսկոպոսական Ժողովներու Յանձնախումբի կողմէ, համագործակցութեամբ Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։

Այս առթիւ ներկաներուն փոխանցած իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ուրախութիւն յայտնեց մաս կազմելու այդ «երկխօսութեան» եզրափակիչ նիստին, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին իրենց  մատուցած սատարին համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.