(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 28 հոկտեմբեր, 2017-ին, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Ամաթոն, Պրազիլի մէջ կը գլխաւորէ Հայր Ճովաննի Սքիավոյին երանացման արարողութիւնը։
Երանելիներու շարքին արժանացած կղերականը ծնած է Ւտալիոյ Վիչենցա քաղաքի Սան Ուրպանօ գիւղին մէջ՝ 8 յուլիս 1903-ին։ Ան Սուրբ Յովսէփ միաբանութեան դպրեվանքին մէջ ուսանելէ ետք, խնդրած է նոյն դպրեվանքին մէջ ընդունուիլ որպէս կրօնաւոր։
28 օգոստոս 1919ին, Հայր ճովաննի կատարած է միաբանութեան առաջին ուխտերը, ապա քահանայական ուսումները աւարելէ ետք, ձեռնադրուած է քահանայ, 10 յուլիս 1927-ին ՝ Ւտալիոյ Վիչենցա քաղաքին մէջ։
Որպէս քահանայ ծառայած է Ւտալիոյ մէջ՝ չորս տարի, ապա առաքուած՝ Պրազիլ, ուր զանազան հասարակութիւններուն մէջ զբաղած է հովուական ծառայութեամբ՝ յատուկէն խնամք տանելով Պրազիլի մէջ «Մուրիալտինէ» միաբանութեան մայրապետներու կազմաւորման։
27 յունուար 1967-ին, ծանր հիւանդութեան պատճառաւ հոգին կ՝աւանդէ Պրազիլի «Քացիաs» քաղաքի հիւանդանոցին մէջ։
Հայր Ճովաննի Սքիավոյի երանացման դատը սկիզբ առաւ 2001-ին՝ Պրազիլի Քացիաս թեմէն ներս եւ աւարտած 2003-ին։
14 դեկտեմբեր 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ վաւերացուց Հայր Սքիավոյի մարտիրոսական առաքինութիւններու հրամանագիրի հրապարակումը ապա ,՝1 դեկտեմբեր 2016-ին վաւերացուց Անոր բարեխօսութեամբ տեղի ունեցած հրաշքը։ Նոր երանելիին աճիւնները այժմ կը հանգչին Պրազիլի մէջ Մուրիալտինէ մայրապետներու միաբանութեան գերեզմանոցէն ներս։
All the contents on this site are copyrighted ©. |