2017-10-28 08:38:00

Իսրայէլի Նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Ազնաւուրի պարգեւատրման արարողութիւնը


Իսրայէլի նախագահի նստավայրին մէջ, 26 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրը եւ անոր քոյրը՝ Այտա Ազնաւուրը, պարգեւատրելու արարողութիւնը:

«Ռաուլ Ուալլենպերկ» միջազգային կազմակերպութեան (IRWF) որոշումով Ազնաւուրները պարգեւատրուեցան  շուէտացի դիւանագէտ եւ մարդասէր Ռաուլ Ուալենպերկի անուան մետալով: Անոնք հեղինակաւոր այս մրցանակին կ՛արժանանան իրենց մարդասիրական գործունէութեան  համար: Փարիզի մէջ նացիական գրաւման ընթացքին Ազնաւուրներու ընտանիքի մայրը՝ Քնարը, հայրը՝ Միշան եւ ընտանիքը օգնած են ֆաշիստներու կողմէ հետապնդուող մարդիկ:

Այտա Ազնաւուրը ներկայ չէ եղած արարողութեան, անոր պարգեւը ընդունած է Շարլ Ազնաւուրի որդին՝ Նիքոլան:

«Տէյլիմէյլ»ը կը հաղորդէ, որ Ազնաւուր իր պարգեւը ստացաւ Իսրայէլի նախագահ Ռէօվեն Ռիվլինէն, որ յայտնեց, թէ շատ կը սիրէ Ազնաւուրի երաժշտութիւնը, «Լա Պոհեմ»ը իր ամենասիրած երգն է: Ան նաեւ ըսաւ, որ Ազնաւուրներու ընտանիքը Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն թաքցուցած է նացիներու կողմէ հետապնդուող  շարք մը մարդիկ, իսկ Շարլն եւ անոր քոյրը մասնակցած են փրկարարական աշխատանքներուն:

Ըստ «Ազատութեան»՝ Ազնաւուր իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնած է թէ՛ Ուալենպերկի անուան հիմնադրամին՝ պարգեւին համար, թէ՛ Իսրայէլի նախագահին՝ ընդունելութեան համար:

Երգիչը նաեւ հարցուցած է, թէ ե՞րբ ի վերջոյ Իսրայէլ պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

«Ես գաղտնի հարց մը չեմ ուղղեր ձեզի եւ չեմ սպասեր պատասխանի, սակայն կարեւոր է զայն բարձրացնելը: Ինչո՞ւ դուք չէք ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը այն պարագային, երբ դուք տառապած էք նոյն բանէն նացիական վարչակարգին կողմէ», հարցուցած է Ազնաւուր:

Ի պատասխան՝ Ռիվլին ըսած է, որ ատիկա քաղաքական հարց է, եւ իր՝ Քնեսեթի պատգամաւոր ապա նաեւ նախագահ եղած ժամանակաշրջանին իւրաքանչիւր տարի հարցը Իսրայէլի խորհրդարան բարձրացուցած  են, յիշատակած են Հայոց Ցեղասպանութեան օրը, եւ ինք 2015ին ՄԱԿի ամպիոնէն բաւական յստակ խօսած է 1915ին տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:

«Մենք Քնեսեթի մէջ ներկայ եղած ենք այդ սարսափելի իրադարձութիւններու յիշատակի արարողութեան: Ցաւօք, Իսրայէլի կառավարութիւնը չկրցաւ տեղի ունեցածը ճանչնալ որպէս Ցեղասպանութիւն, եւ միակ հարցը այն է, թէ ինչպէս կը ձեւակերպուի անիկա: Եւ ես, որպէս Իսրայէլի նախագահ, պարտաւոր եմ յարգել Իսրայէլի կառավարութեան որոշումները: Կոտորած, թէ ցեղասպանութիւն՝ սարսափելի բան տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդին նկատմամբ 1915 թուականին», ըսած է Իսրայէլի նախագահը:








All the contents on this site are copyrighted ©.