2017-10-28 08:36:00

Քաթալոնիոյ խորհրդարանը վաւերացուց Սպանիայէն անկախանալու բանաձեւը


Քաթալոնիոյ խորհրդարանին կողմէ Սպանիայէն անկախութեան հռչակումէն ժամեր ետք, Սպանիոյ ծերակոյտը Քաթալոնիոյ ինքնավար մարզին վրայ ուղղակի իշխանութեան հաստատումը եւ տեղական ղեկավարներու պաշտօնէ արձակումը յայտարարեց: Որոշումը որդեգրուեցաւ 214 թեր եւ 47 դէմ քուէներով:

Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ յայտարարեց. «Սպանիան լուրջ երկիր է, մեծ պետութիւն է, եւ մենք պատրաստ չենք կարգ մը մարդոց արտօնելու լուծարել մեր սահմանադրութիւնը»:

135 աթոռներէ բաղկացած Քաթալոնիոյ խորհրդարանը երէկ 70 թեր, 10 դէմ եւ 2 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց որոշումը: Ընդդիմութիւնը պոյքոթի ենթարկեց նիստը:

Հազարաւոր քաթալաններ հաւաքուեցան եւ տօնեցին անկախութեան հռչակումը: Սպանական դրօշները վար առնուեցան շրջանային պետական շէնքերէն:

Եւրոպական յանձնախումբի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքըր յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը «յաւելեալ ճեղքերու, յաւելեալ բաժանումներու կարիքը չունի»:

Աւելի ուշ Սպանիոյ վարչապետը նախարարաց խորհուրդի նիստէն ետք լուծարեց Քաթալոնիոյ խորհրդարանը եւ շրջանին մէջ «բնականոնութեան վերականգնման» համար կանխահաս ընտրութիւններ ճշդեց: Ռախոյ յայտնեց. «Քաթալոնիոյ Սպանիայէն անջատման ծրագիրը հիմնուած է սուտի վրայ եւ Սպանիոյ կը վնասէ, ուստի պաշտօնէ արձակեցինք Քաթալոնիոյ վարչապետը եւ Քաթալոնիոյ ոստիկանապետը: Քաթալոնիոյ խորհրդարանը լուծարուեցաւ, եւ ամէնէն մօտ ժամկէտին պիտի կատարենք ընտրութիւններ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.