2017-10-27 09:15:00

Հայկական վանականութիւնը Հայոց Պատմութեան հոլովոյթին


Նախորդ հաղորդումներուն մէջ յիշեցինք, թէ ինչպէս Հայ Եկեղեցւոյ Վարդապետները աղօթքը կարեւոր կը նկատեն մեղքերու ներում ընդունելու եւ քաւութիւն՝ պատիժներէ։ Սակայն դա աղօթքի միակ իմաստը, էութիւնը կամ դրդապատճառը չէ։ Աղօթել, հիմնականին կը նշնակէ Աստուծոյ հետ յարաբերիլ, Անոր հետ խօսիլ, Անոր մտիկ ընել եւ ինչպէս Ներսէս Լամբրոնացի կʼըսէ՝ «մօտենալ Աստուծոյ»։ Աղօթքը կʼարտայայտուի զանազան ձեւերով։ Հայ Եկեղեցւոյ մեծ վարդապետներէն Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ աղօթքի զանազան ձեւերը՝ «նախ պէտք է մտքով աղօթել. երկրորդ՝ խօսքով, երրորդ՝ ձայնով, չորրորդ՝ երկրպագութեամբ, հինգերորդ՝ արտասուքներով, վեցերորդ՝ աղօթք են նաեւ եկեղեցւոյ ընծայուած ինչքերը եւ պատարագները։» Թէ ինչու՛ համար այսպէս պէտք է աղօթել, Գրիգոր Տաթեւացի կը մեկնէ հետեւեալ ձեւով՝ «Աստուած մեզի միտք, խօսք եւ ձայնի գործարաններ, եւ մարմնի անդամներ տուաւ։ Այս բոլորէն պէտք է նուէր տանք Աստուծոյ։ Իսկ արցունքը ամենօրեայ է, եւ ամէն բանէ աւելի՝ ընծայ հաշտութեան։»

Աղօթքի համար կարեւոր է ամփոփ վիճակ ունենալ եւ ըլլալ կենդրոնացած, զերծ ամէն տեսակի մտածումներէ, խանգարումներէ եւ ցրուածութենէ՝ որոնք կրնան մեզ շեղել աղօթքէն, եւ ապա աղօթքը կը վերածուի միայն շրթունքներու շարժումի եւ ձայնի արտաբերումի, եւ առաւել եւս դատապարտութեան ինչպէս կը յիշէր Յովհաննէս Մանդակունի։

Ս. Ներսէս Լամբրոնացի խօսելով աղօթքի մասին, կը նկատէ՝ թէ աղօթքը Աստուծոյ մօտիկ ըլլալ է, ապա կʼաւելցնէ՝ «իսկ մենք Անոր մօտիկ չենք, որովհետեւ մեր միտքը մոլորեցուցինք կեանքի զանազան ընթացքներուն մէջ։ Արդ, զայն դարձնելով եւ ամփոփելով վայրապար ցնդումէ՝ անոր ճանապարհ պատրաստենք դէպի վեր, ամենասուրբ պատշաճութեամբ անպղտոր խորհուրդներով խօսինք Աստուծոյ հետ՝ աղօթքով, եւ մօտենանք Անոր, ինչպէս որ հրամայուեցաւ մեզի։»

Եղիշէ Վարդապետ կը նկարագրէ կրօնաւորներու աղօթքը, յիշելով նաեւ անոնց ամփոփ վիճակը, ըլլա´յ հասարակաց եւ կամ առանձնական աղօթքի պահուն։ Եղիշէ կը գրէ՝ «Կրօնաւորները արթննալով միասնաբար կը հաւաքուին շրջանակ կազմելով,  առանց հակառակելու եւ առանց ընդդիմանալու, քաղցր հաւանութեամբ եւ հեզ հանդարտութեամբ։ Դասերու առաջնորդները շարականներ կ’երգեն՝ հոգեւոր երգերու զանազան քաղցր մեղեդիներով, իսկ միւսները՝ աւելի կրտսերները, ուշադրութեամբ լսելով՝ անոնց կը խառնեն իրենց ձայները՝ յարմար եւ միաբան հնչումով, որպէսզի բազմաթիւ ձայները հնչեն իբրեւ մէկ բերանէ։ Եւ այսպէս անցընելով ձայնաւոր պաշտամունքը՝ կը ծնրադրեն բոլորը, կ’աղօթեն լռութեամբ, ապա աղօթքի առաջնորդի ակնարկով բոլորը ոտքի կանգնելով՝ փառաւորութիւն կը կատարեն։

Մանաւանդ անդադար պաշտօնով կը հաւաքուին եւ զուարթ հոգիով բոլորի Հօր հոգեւոր երգեր կը մատուցանեն։ Իրարու դիմաց կը կանգնին՝ աչքերը վար յարած՝ դէպի ոտքերուն մատները, այնպէս թէ բոլորը մէկ կէտի ուղղած ըլլան հայեացքը։ Աջ ձեռքը ծնօտին վրայ կը դնեն եւ ձախ ձեռքը կուրծքին վրայ, ինչպէս որ կը կարծեմ սորված են իրենց բնական հայրերէն։ Մարդու մարմնին մէջ շատ պատուական են երկու բան՝ կենդանականը եւ իմացականը, երկուքը փոխադարձաբար իրարու կը սպասարկեն։ Կենդանականին հակառակ է նեղսրտութիւնը, իսկ իմացականին՝ արտաբերուած խօսքերը։ Արդ ձախ ձեռքին մէջ կʼառնեն երասանակը՝ սանձելով սրտմատականը, եւ իմացականին իբր ծառայութիւն՝ աջ ձեռքը աջ ծնօտին խօսքի արտայայտումի դրան դիմաց կը դնեն՝ որպէսզի ուղիղ փառատրութեան չխառնուին տարբեր բաներ։ Եւ այս երկու մասերով՝ բոլոր զգայութիւնները կը նահանջեն, աչքը՝ ուղիղ տեսութեան եւ ականջները զգաստ լսողութեան, միտքը՝ սուրբ իմաստութեան, եւ միւսները՝ իւրաքանչիւրն ըստ իր կարգին։ Եւ երբ այսպէս կարգ ու կանոնով կը հաւաքուին, բոլորը վեցթեւեան սերովբէներու նման շրջանակ կազմած, կը հնչեցնեն իրենց ձայնը դէպի վեր, եւ միաբան խորհուրդով իրենց Արարիչին եռապատիկ օրհնութիւն կը մատուցանեն։»

Եզնիկ Կողբացի իր խրատներուն մէջ կը գրէ՝ «ան որ սաղմոսելու ժամանակ կը ծիծաղի, կամ մարմնական խօսքեր կը մէջբերէ, դուրս թող մնայ սրբութիւններէն՝ մինչեւ որ առողջանայ։ Երբ ձեռքերդ աղօթքի համար կը բարձրացնես՝ պահէ զանոնք երեսիդ դիմաց, եւ զգուշացիր օտար խորհուրդներէ։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.