2017-10-27 09:31:00

Լիբանանի մէջ «L’Oeuvre d’Orient»-ի ներկայացուցիչը այցելեց Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարան։


Երեքշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2017-ին վարժարանս այցելեց ֆրանսական «L’Oeuvre D’orient» կազմակերպութեան Լիբանանի մէջ ներկայացուցիչ Վենսէն Ժելօն, ընկերակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս արհիապատիւ Հայր Գէորգ Ասատուրեանի:

Դպրոցի մուտքին ծաղիկ դասարանի երկու աշակերտներու կողմէ աւանդական աղ ու հացով դիմաւորուելէ ետք յարգարժան հիւրը հանդիպում ունեցաւ վարժարանիս տնօրէն գերյարգելի Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Եղիայեանի, ինչպէս նաեւ ակադեմիական  պատասխանատու Օրդ. Նելլի Տէր Ղազարեանի եւ վարչական տնօրէն՝ Պրն. Արամ Գարատաղլեանի հետ:

Այցելութեան նպատակն էր վարժարանիս եւ հաստատութեան միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդել, համագործակցութեան կարելիութիւնները սերտել եւ ծրագիրներ մշակել:

Հանդիպման աւարտին Պրն. Ժելօն շրջեցաւ ու ծանօթացաւ վարժարանի բոլոր բաժանմունքներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.