2017-10-27 09:23:00

Աւարտեցաւ «Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն-300» միջազգային գիտաժողովը


Հոկտեմբեր 25-ին ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկին մէջ շարունակուեցաւ «Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն-300» միջազգային գիտաժողովը, որ կազմակերպուած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ ԳԱԱ հայագիտական եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի, Երեւանի պետական համալսարանի, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկի-մատենադարանի, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ ԿԳՆ գիտութեան պետական կոմիտէի աջակցութեամբ:

Գիտաժողովը ընթացաւ «Մխիթարեաններու գործունէութիւնը պատմագիտութեան ասպարէզին մէջ»,  «Մխիթարեաններու աւանդը բանասիրութեան ոլորտին մէջ», «Արուեստը եւ մշակոյթը Մխիթարեաններու գործունէութեան մէջ» թեմատիկ նիստերով:

«Մխիթարեաններու գործունէութիւնը պատմագիտութեան ասպարէզին մէջ» թեմատիկ նիստի ընթացքին «Մխիթարեան միա­բա­­նութեան հայատառ թրքերէն հրատարակու­թիւն­ները» զեկոյցով հանդէս եկաւ Յասմիկ Ստեփանեան (ՀՀ ԳԱԱ ԱԻ), «Վենետիկի Մխի­թարեաններու գաղափարական հայրենիք ստեղծելու ձեւի տեղայնացումն Ալեքսանտրափոլի մէջ զեկոյցով` Գէորգ Այվազեան (ՀՀ ԳԱԱ ՇՀՀԿ), «Հայր Միքայէլ Չամչեան եւ իր գործունէութիւնը Պասրայի մէջ 1769-1774 թթ. (համառօտ ակնարկ)» զեկոյցով` Սեդա Օհանեան (ՀՀ ԳԱԱ ՊԻ), «Ներսէս Ակինեանի գոր­ծունէութիւնը Խորհրդային Հայաստանի մէջ նորայայտ փաստաթուղթերու լոյսի ներքոյ»` զեկոյցով` Համօ Սուքիասեան (ՀՀ ԳԱԱ ՊԻ), «Ս. Ղազարի ձեռագրա­գէտ հայրերը եւ անոնց կազմած ձեռագրացուցակները» զեկոյցով` Քնար Յարութիւնեան (ՀՁԳԻԹ), «Մխիթարեաններու աւանդը հայ քննական պատմագրութեան ձեւաւորման մէջ» զեկոյցով` Արման Մալոյեան (ՀՀ ԿԳՆ ԿԱԻ), «Մխիթարեան միաբանութեան դպրոցաշինութեան պատմութիւնն ի սփիւռս աշխարհի» զեկոյցով` Աւետիս Ափոշեան (ԵՊՀ):

 

«Մխիթարեաններու աւանդը բանասիրութեան ոլորտին մէջ» թեմատիկ նիստին «Մխիթա­րեան­ները  Լէոյի գրապատմական ուսումնասիրութիւն­նե­րու ծիրէն ներս» զեկոյցով հանդէս եկաւ Սուսաննա Յովհաննիսեան (ՀՀ ԳԱԱ ԳԻ), «Հայկական դասա­կա­նապաշտութեան (classicism) տեսական եւ գե­ղարուես­տական առանձնայատկութիւնները Մխիթար­եան­ներու տե­սական, գեղարուեստական գրականութեան մէջ» զեկոյցով` Դաւիթ Գասպարեան (ՀՀ ԿԳՆ ԿԱԻ), «Դասագիրքերու Մխի­թա­րեաններու 18-րդ դարու հրատարակութիւնները» զեկոյցով` Քրիստինէ Մելքումեան (ՀՀ ԳԱԱ ԳԻ), «Արսէն Բագրա­տու­նիի «Հայկ դիւցազն» բանաստեղծութիւնը» զեկոյցով` Սիրանոյշ Մարգարեան (ՀՀ ԳԱԱ ԳԻ), «Վենետիկի Մխի­թա­րեան միաբանութիւնը Վիգէն Իսահակեանի յուշերուն մէջ» զեկոյցով` Աւետիք Իսահակեան (ՀՀ ԳԱԱ ԳԻ), «Յովհ. Թումանեան Մխիթարեաններու գնահատմամբ» զեկոյցով` Եւա Մնացականեան (ՀՀ ԳԱԱ ԳԻ), «Հայկական վերա­ծնութ­եան հարցը Մխիթարեաններու` հայ գրականու­թեան պարբերաբաժանման համակարգին մէջ» զեկոյցով` Լուսինէ Վարդանեան (ՀՀ ԳԱԱ ԳԻ), «Գաբրիէլ Այվազեան Մխիթա­րեան միաբանութեան անդամ» զեկոյցով` Յասմիկ Իրիցեան (ՀՁԳԻԹ), «Մխիթարեանները եւ հայոց լեզուափիլիսոփայութեան տարրեր» զեկոյցով` Լուսինէ Աւետիսեան (ՀՀ ԳԱԱ ԳԻ):

 

«Արուեստը եւ մշակոյթը Մխիթարեաններու գործունէութեան մէջ» նիստին «Մխիթարեան թատերագրութիւնը սրբախօսութենէն դասականութիւն» զեկոյցով հանդէս եկաւ Հենրիկ Յովհաննիսեան (ՀՀ ԳԱԱ Արուի), «Քրիստափոր Կարամուրզան եւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբա­նութ­իւ­նը» զեկոյցով` Լիլիթ Արտէմեան (ՀՀ ԳԱԱ Արուի), «Վենետիկի Մխիթարեանները եւ միջազգային գեղարուեստը» զեկոյցով` Արծուի Բախչինեան(ՀՀ ԳԱԱ ՊԻ), «Եւրոպական երաժ­շտատեսական մտքի դրսեւորումները Խաչատուր Էր­զ­րու­­մեցի եւ Մխիթար Սեբաստացիի աշխատութ­իւն­նե­րուն մէջ» զեկոյցով` Անի Մուշեղեան (ՀՀ ԳԱԱ ԳԻ), «Ձեռագիր գիրքերը, որպէս ազգային խոհանոցի ուսումնասիրութեան աղբիւր (Դի­տար­կումները` ըստ Վենետիկի Մխիթարեան միա­բանու­թեան Մատենադարանի ձեռագիրներու)» զեկոյցով` Խորէն Գրիգորեան (ՀՀ Մշ.նախ.), «Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Հ. Ղ. Տայեանի «Շարական Հայաս­տանեայց եկեղեցւոյ» բազմահատոր շարակնոցի անտիպ Ա. Հատորը» զեկոյցով` Արփի Վարդումեան (ՀՁԳԻԹ), «Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը հայկազուն սուրբերու հետքերով» զեկոյցով` Մարիաննա Տիգրանեան (ՀՀ ԳԱԱ ԱրվԻ), «Տայքի եւ Գուգարքի ճար­­տարապետութիւնը` Մխիթարեան միաբաններու աշ­խա­­­տութիւններուն մէջ» զեկոյցով` Դաւիթ Նահատակեան (ՃԱԹԻ):

 

Միջազգային գիտաժողովի աւարտին գումարուեցաւ լիագումար նիստ, որ վարեց պ.գ.դ. Գէորգ Ստեփանեան:

 

«Մխիթարեաններու գործունէութիւնը պատմագիտութեան ասպարէզին մէջ» թեմատիկ նիստերու արդիւնքներն ամփոփեցին պ.գ.դ.Գէորգ Ստեփանեան եւ պ.գ.թ. Արմէն Մարուքեան, «Արուեստը եւ մշակոյթը Մխիթարեաններու գործունէութեան մէջ» նիստը` արվ.դ. Արարատ Աղասեան, «Մխիթարեաններու աւանդը բանասիրութեան ոլորտին մէջ» նիստը` բ.գ.թ. Հերիքնազ Որսկանեան:

 

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ գերապայծառ տէր Լեւոն արք. Զէքիեան:

 

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գիտաժողովի կազմակերպիչներուն եւ հնչած հինգ տասնեակէ աւելի գիտական զեկոյցներու հեղինակներուն` նշելով. «Մխիթարեան հայրերու գործունէութիւնը համակողմանի ներկայացնելու առումով այս գիտաժողովը, իրաւամբ, խոշոր ներդրում էր: Կը կարծեմ` չ՛արժեր սպասել յոբելեաններու, նման համաժողովներ կազմակերպելու համար: Այս գիտաժողովին Լուսինէ Աւետիսեանն իր զեկոյցը ներկայացուց հրաշալի գրաբարով: Ես կ’ուզէի, որ դպրոցներուն մէջ հայ մանուկներուն դասաւանդուի գրաբար, որպէսզի անոնք տիրապետեն մեր կատարեալ հայերէնին»:

 

Լեւոն արք. Զէքիեան աւելցուց, որ Մխիթար Սեբաստացին եւ անոր հաւատարիմ աշակերտները գիտնական եւ արուեստաբան ըլլալէ առաջ կրօնաւորներ էին եւ շատ ուրախալի է, որ գիտաժողովի ընթացքին ստուերի տակ չմնաց այդ հանգամանքը:

 

ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան նշեց, որ ի դէմս Զէքիեանի եւ Մխիթարեաններու հոգեւոր հայրերու, արեւմտահայերէնը կ’ապրի ու կը ծաղկի: «Մխիթարեան միաբանութիւնը եւրոպական քաղաքակրթութեան մեծագոյն կեդրոններէն մէկն է, եւ մենք հպարտ ենք, որ անոր հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացին եւ Միաբանութեան հայրերը մեծ հայեր են: Ուրախալի է յատկապէս այն փաստը, որ զեկուցողներէն շատերը երիտասարդներ էին, եւ անոնք տիրոջ ու իրաւայաջորդի դիրքերէն խօսեցան Միաբանութեան մասին: Իրականութեան մէջ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող բոլոր հայագիտական կեդրոնները սորվելու շատ բան ունին Մխիթարեան Միաբանութենէն, – նշեց Մելքոնեան:

 

Գիտաժողովի աւարտին Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի անունէն շնորհակալութիւն յայտնեց միջազգային գիտաժողովի կազմակերպիչ կառոյցներուն արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար եւ նշեց. «Մենք ընդունում ենք Մխիթարեանների անունով Երեւանում փողոց անուանակոչելու առաջարկը եւ Հայաստանում Մխիթարեանական ընթերցումներ եւ գիտաժողովներ պարբերաբար կազմակերպելու անհրաժեշտութեան գաղափարը»:

 

Նախարարի տեղակալը աւելցուց, որ յառաջիկային պիտի տպագրուին գիտաժողովի զեկուցումները «Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսի բացառիկ համարին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.