2017-10-27 09:00:00

(Re)Thinking Europe» խորագրուած երկխօսութեան ձեռնարկի ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 27 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11։30ին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակին մէջ, հաւատարմագրուած լրագրողներու ներկայութեամբ կը  ներկայացուի «(Re)Thinking Europe» խորագրուած երկխօսութիւնը, որ քրիստոնէական նպաստ մըն է «Եւրոպա Ծրագրի» ապագային։

Ձեռնարկը, որ տեղի կ՛ունենայ հոկտեմբեր 27-29, կազմակերպուած է  Եւրոպայի Միութեան Եպիսկոպոսական Ժողովներու Յանձնախումբի կողմէ, համագործակցութեամբ Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան։

Հանդիպումին ներկայ կը գտնուին Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ եւ բարձր մակարդակի քաղաքական ղեկավարներ։ Անոնց նպատակն է նպաստել եւրոպական նախագիծի հիմնական մարտահրաւէրներու շուրջ կատարուած կառուցողական անդրադարձի մը։

Մամլոյ ասուլիսին իրենց մասնակցութիւնը  կը բերեն՝ Միւնխէնի եւ Ֆրայզինկի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ռայնհարտ Մարքս՝ նախագահ Եւրոպայի Միութեան Եպիսկոպոսական Ժողովներու Յանձնախումբի, եւ Վատիկանի արտաքին գործերու նախարար՝ Գերապայծառ Փօլ Կալլակըր։

Շաբաթ, 28 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի հանդիպի (Re)Thinking Europe ձեռնարկի մասնակիցներուն, յիշեցնելու համար եկեղեցւոյ պարտականութիւնը խաղաղութեան նախաձեռնութեան նկատմամբ, եւ  ապահովելու իր անկեղծ յանձնառութիւնը՝ Եւրոպայի Միութեան ապագային շուրջ կատարուած անդրադարձի մը նկատմամբ։

(Re)Thinking Europe աւելի երկխօսութիւն մըն է՝ քան գիտաժողով։ Ան անկեղծ քննարկում մըն է եւ բաց է հետաքրքրուող կողմերու՝ աշխատելու հասարակաց բարիքին համար եւ անհատը իր մարդկային արժանապատուութեամբ դնելու հրապարակային քաղաքականութեան կենդրոնը։

Երկխօսութիւնը պիտի ունենայ մօտ 350 մասնակիցներ՝ Եւրոպայի Միութեան բոլոր երկիրներէն ժամանած 28 պատուիրակութիւններէ. անոնց շարքին՝ քաղաքական անձնաւորութիւններ, կարդինալներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, դեսպաններ, ակադեմիականներ, տարբեր կազմակերպութիւններու, կաթողիկէ շարժումներու եւ քրիստոնէական այլ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.