2017-10-26 14:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սքովտիոյ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւն մը։


 

(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց Սքովտիոյ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւն մը, որոնց  ուղղած ճառին մէջ ակնարկելով Լուտերական Եկեղեցւոյ հիմանադրութեան 500 ամեակի յոբելենական ձեռնակներուն,  գոհութիւն յայտնեց  Աստուծոյ իրեն շնորհած  պարգեւին համար՝ անցեալ տարի մասնակցելու յոբելենական ծիսակատարութեան, որուն ընթացին  ապրեցանք որպէս եղբայրներ ըսաւ նորին Սրբութիւն աւեցնելով, որ այս մէկը կարելի եղաւ, Աստուծոյ շնորհքով, շնորհիւ համամիութենական ուղեւորութեան , որ թոյլ տուաւ փոխըմբռնումի եւ վստահութեան խորացումը։     

Սրբազան Քահանայապետը  ապա նշեց « այսօր՝  իրար զիրար կը հասկնանք, սկսեալ Աստուծոյ՝ մեր վրայ սեւեռած հայեացքէն  իբրեւ Աստուծոյ զաւակներ՝  վերածնուած Քրիստոսի մէջ, միեւնոյն Մկրտութեան  խորհուրդին մէջ, հետեւաբար եղբայրներ ենք  ըսաւ Ֆրանչիկոս Պապ , աւեցնելով որ  երկու եկեղեցիները. Աւետարանի հոգիով, այժմ կը յարատեւէ եղբայրսիրութեան ուղիին վրայ , որ կ՝առաջնորդէ դէպի բաժանումներուն վերացում  եւ վէրքերու ամոքում։

Նորին Սրբութիւնը ապա շեշտը դրաւ հաղորդութեան եւ երկխօսութեան վրայ ըսելով որ ատիկա  երկխօսութիւն մըն է, որ կը որդեգրէ Աստուծոյ պատկանողին մը յատուկ լեզուն  որ աւետարանումի համար անխուսափելի պայման մըն  է, հարց տալով թէ  կարելի չէ Աստուծոյ Սէրը  հռչակե , եթէ իրար զիրար չենք սիրեր։

Ֆրանչիսկոս Պապ մտաբերելով  բազմաթիւ քրիստոնեաներ, որոնք կը հանդիպին անթիւ  դժուարութիւններու,  որովհետեւ  կը տառապին եւ կը հալածուին Յիսուսի անունին համար, հաստատեց թէ անոնց վկայութիւնը մեզ կը մղէ  յառաջ ընթանալ քաջութեան եւ սիրով ՝միչնեւ վերջ,  յոյս յայտնելով, որ տեսանելի միութեան ուղեւորութիւնը, ամէն օր շարունակուի եւ ապագային պտղաբեր դառնայ ինչպէս պատահած է անցեալին մէջ ։

Սրբազան Հայրը  ճառը աւարտեց հայցելով Սուրբ Հոգիէն , որ Յիսուս Քրիստոսի մէջ  ամրապնդէ երկու եկեղեցիներու միութիւնը,  Հօր Աստուծոյ փառքին համար ։ Ապա հրաւիրեց աղօթել Հայր Մեր՝ Տէրունական  աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.