2017-10-26 09:20:00

Սպանիոյ վարչապետը պահանջած Է քաթալոնիոյ մէջ Նոր ընտրութիւններ կատարել


Սպանիոյ կառավարութիւնը առաջնահերթ խնդիր կը նկատէ օրէնքի վերականգնումը Քաթալոնիոյ մէջ եւ այնտեղ ընտրութիւններու կայացումը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին խորհրդարանին մէջ յայտարարած է Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ:

«Նախ` պէտք է վերականգնել օրինականութիւնը, ուստի մենք գործի դրած ենք սահմանադրութեան 155-րդ յօդուածը, ապա վեց ամսուան ընթացքին կատարել ընտրութիւններ` բոլոր երաշխիքներով` խուսափելով ափսոսանք յարուցող այնպիսի կացութենէ, որուն մենք ականատես եղանք հանրաքուէին ժամանակ», յայտարարած է Ռախոյ:

Ան կոչ ուղղած է «վերականգնելու Քաթալոնիոյ մէջ բնական գոյակցութիւնը, որ խախտած է», ինչպէս նաեւ չարտօնելու տնտեսական կացութեան վատացումը:

Սպանիոյ կառավարութեան ղեկավարը նշած է. «Կացութիւնը խիստ բարդացած է, որովհետեւ Քաթալոնիոյ կառավարութեան նախագահը եւ կառավարութիւնը իրենք զիրենք օրէնքէն դուրս դրած են»: «Ատիկա ծանր է, որովհետեւ հասարակութեան մէջ պառակտում տեղի ունեցած է: Տնտեսութեան վրայ կացութեան ազդեցութիւնը անհանգստութիւն կը յառաջացնէ», ըսած է Ռախոյ:

Միւս կողմէ, քաթալոնական «Արա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քաթալոնիոյ Ժիրոնա քաղաքը Սպանիոյ Ֆիլիփ Զ. թագաւորը «անբաղձալի անձ» յայտարարած է: Կը նշուի, որ ատիկա կատարուած է ի պատասխան Քաթալոնիոյ ինքնավար կարգավիճակը դադրեցնելու վերաբերեալ Սպանիոյ իշխանութիւններուն որոշումին:

Այդ քաղաքին մէջ «անբաղձալի անձ» յայտարարուած է նաեւ Քաթալոնիոյ մէջ սպանական կառավարութեան ներկայացուցիչ Էնրիք Միլիոն:








All the contents on this site are copyrighted ©.