2017-10-26 14:30:00

«Վկայականը թող չ՛ըլլայ լոկ ընկերային հեղինակութեան յատկանիշ» Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) «Մարդուն ազատութիւնը վատառողջութեան կը մատնուի երբ կը յանձնուի անգիտակցութեան կոյր ուժերուն ու եսասիրութեան անմիջական կարիքներուն». Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ընդունելով Փորթուկալական կաթողիկէ համալսարանի հասարակութիւնը՝ անոր հիմնադրութեան 50-րդ ամեակին առթիւ։

Երկարաշունչ ճառին մէջ Սրբազան Հայր  հարց տուաւ թէ ի՞նչպէս օգտակար կը դառնանք աշակերտութեանց՝ համալսարանական վկայականը չի համարելու միայն ընկերային հեղինակութեան կամ դրամի ու շահոյթի նշան, աւելցնելով թէ արդեօք կ՛օգնենք զանոնք այս պատրաստութիւնը տեսնելու որպէս աւելի մեծ պատասխանատուութիւն, ի տես մերօրեայ հարցերուն ու աղքատներու կարիքներուն եւ կենսոլորտի պահպանումին։

Քահանայապետը մէջբերեց ապա Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Կաթողիկէ համալսարանի մասին մէկ խօսքը. Համալսարանի առաքելութիւնը ճշմարտութեան յարատեւ փնտռտուքն է, հետազօտութեան, երկխօսութեան ու գիտելիքներու հաղորդումը՝ ի սպաս ընկերութեան, ապա հաստատեց թէ Կաթողիկէ հաստատութիւն մը կը բնորոշուի անոր անդամներու ու հասարակութեան քրիստոնէական ներշնչումի բերումով, ու կաթողիկէ ուսուցիչ մը չի խօսիր լոկ հաւատքի ներկայացուցիչի նման այլ ու յատկապէս որպէս  բարոյական պատճառաբանութեան  վաւերականութեան վկայ, ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ ազգային ինքնութեան իրականութեան ու հաստատելով թէ «Տէրը մարմնացաւ ու եկաւ աշխարհ ու կարելի չէ զայն գտնել աշխարհի շօշափելի  իրականութենէն դուրս, «ձեր Փորթուկալին մէջ, ձեր քաղաքներուն ու գիղերուն մէջ, ձեր ժողովրդուին մէջ» եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.