2017-10-25 10:56:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Բարձունքէ՛ն Նայէ Ստորայիններուն

Ամէնքս ալ ունինք դժուարութիւններ, կամ ինչպէս ժողովուրդը կը սիրէ ըսել «խաչեր»  եւ զանոնք կրելու պարտաւորութեան դիմաց կը գտնուինք, որովհետեւ կեանքէն փախուստ չենք կրնար տալ:

Յիսուսի մտածողութեան մէջ կարեւոր տեղ ունի այն գաղափարը, ըստ որուն, մինչեւ վերջ համբերողն է որ պիտի փրկուի, ապրի կամ յաղթանակէ:

«Ապրիլ» կամ «փրկուիլ», ունի անշուշտ իր ներկայ ու վախճանաբանական իմաստները:

Այնքան ատեն որ այս կեանքին մէջ ենք, կ’ապրինք հասարակաց ընկերային կեանքով, փոխ-յարաբերական կեանքի երբեմն այնքան բարդ կացութիւններու մէջ կը գտնուինք, բնականաբար ապրիլ կամ փրկուիլ բացատրութիւնները, նաեւ կը վերաբերին այս կեանքին:

Ընկերային մեր կեանքը, որ Քրիստոսի ուսուցած վարդապետութեան համաձայն, եղբայրասիրութեան, ընկերասիրութեան, գութի ու կարեկցութեան, խոնարհութեան ու հեզութեան կեանք մը պէտք է ըլլար, ամէնուս վկայութեամբ կարելի է հաստատել, որ հեռացած է այդ սկզբնատիպ ու քրիստոսատիպ օրինակէն, ու դարձած՝ անհանդուրժողութեան կեանք մը: Այլեւս չենք ուզեր տեսնե՛լ մեր կողքին կեցող անձը: Չենք ուզեր ընդունի՛լ ուրիշին կարողութիւնը, չենք ուզեր ուրախանա՛լ ուրիշին յաջողութիւններով: Սա անհանդուրժողութեա՛ն կեանք է, ուր մարդիկ իրարու եղբայրանալու փոխարէն, նախանձով կը լեցուին իրարու նկատմամբ, ու կը ջանան վնասել, քանդել, կործանել, աւերել ինչ որ իր նմանին ստացուածքն է, փառքն է, վարկն է, պատիւն է, անունն է ու վաստակը:

Անհանդուրժողութենէն կը ծնին ամէն տեսակ չարիք ու նեղութիւն, որոնք մեր ապրած կեանքը կը վերածեն անշնչելի միջավայրի:

Սակայն, Քրիստոս խաչ բարձրացաւ ոչ միայն ընդունելով մեր բոլոր տկարութիւնները, ոչ միայն հանդուրժելով մեր գոյութեան, այլ մեզի հետ նոյնանալ ու մարդ դառնալ յանձն առնելով: Աստուած մարդացաւ, խոնարհեցուց ինքզինք, նուաստացուց իր անձը, հանդուրժեց այդ խոնարհութենէն գալիք ամէն դժուարութիւններուն:

Յիսուսի մտածողութեան մէջ արտայայտուած «Համբերութիւն» եւ «յաղթանակ» եզրերը, ոմանք իրարու հակադիր երեւոյթներ կը նկատեն այս կեանքին մէջ: Սակայն, անոնք խորապէս իրարու առնչուած են, եւ զիրար կ’ամբողջացնեն: Ամէնքս ալ գիտենք, որ համբերութեան շունչը մարդ արարածին, շատ կարճ է: Ամէն ինչ շուտով կ’ուզենք ունենալ, շուտով լուծումներ գտնել մեր հարցերուն: Եւ երբ ուշանան այդ լուծումները, մեզմէ շատեր կը յուսահատին, կը տրտմին, կը վշտանան, նոյնիսկ կը բողոքեն Աստուծոյ:

Ասիկա քրիստոնէական ձեւը չէ՛ կեանքի պայքարին:

Անոր օրինակը Քրիստոս տուաւ Խաչին վրայ՝ իր համբերութեամբ: Կրնա՞ք երեւակայել, Աստուծոյ համար խաչը բարձրանալը ի՜նչ անարգական երեւոյթ էր: Իր ստեղծած մարդուն կողմէ ձաղկուիլ, ապտակուիլ, ծաղրուիլ եւ սպաննուիլ: Սակայն իր խաչելութեամբ մեր ունեցած մեղքի պարտամուրհակը պատռելով, Աստուածորդին նաեւ ցոյց տուաւ, որ ներկայ թէ յաւիտենական կեանքի մէջ յաղթանակ տանելու լաւագոյն ձեւը՝ համբերութիւնն է:

Չկա՞ն մեր մէջ անհամբերութեան պատճառաւ բարկացողներ, անհասկացողութիւն ցուցաբերողներ ու իրենք զիրենք դժուարութեան մատնողներ: Սակայն, պահ մը միայն երեւակայէ, որ Փրկիչդ քեզի համար խաչի մահուան համբերեց, մարդոց թուքին ապտակին համբերեց, եւ ապա՝ յաղթանակեց իր յարութեամբ:

Արդ,  խաչը՝ տառապանք, նեղութիւն, անարգանք ու ձաղկում, համահաւասար են բարձր դիրքի: Թէ ինչպէ՞ս.

՜՜Խաչը ուղղահայեաց երբ կանգնեցնեն, ինքնին բարձունք կը ստեղծուի՝ անոր վրայ խաչուած անձին համար: Անիկա այլեւս բարձունքէ մը կը դիտէ իր շուրջը գտնուող ստորնութիւնները: Ճիշդ է, խաչը ցաւ կը պատճառէ, սակայն միաժամանակ կը հեռացնէ քեզ քու հալածիչներէն, որոնք պահ մը առաջ թուք ու մուրով կը պատէին դէմքդ, բայց անգամ մը որ խաչ բարձրացնեն քեզ, այլեւս անսուաղ բորենիներու պէս կը սլքտան շուրջդ, մինչեւ յոգնին ու հեռանան անյոյս: Անմեղ կերպով դատապարտուող ու խաչ բարձրացող մարդ ամէն օր կայ մեր ապրած ընկերութեան կեանքին մէջ: Այդպիսիներէն շատեր կը յուսահատին եւ խաչատանջ ցաւերու մէջ կը կորսնցնեն իրենց հաւատքը: Մինչդեռ հակառակ ցաւին ու անարգանքին, եթէ կարենան պահ մը իրենց խաչի բարձունքէն վար նայիլ, հոն պիտի տեսնեն գձուձ անձնաւորութիւններ, փոքրոգի մարդիկ, շահամոլ ու եսակեդրոն ապրելակերպի տիպարներ, ու պարզապէս թշուառականներ, որոնց պիտի խղճան:

Խաչի բարձունքէն նայէ՛ ստորայիններուն, ոտքերուդ շուրջ համահաւաքուած թշուառականներուն, որոնց անարգանքը պիտի դառնայ ոչնչութիւն, յար եւ նման իրենց դատարկ անձերուն:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.