2017-10-24 10:14:00

Իտալիոյ Լոմպարտի եւ Վենեթօ շրջանները քուէարկեցին ի նպաստ յաւելեալ ինքնավարութեան


Իտալիոյ հիւսիսային ամէնէն հարուստ շրջաններէն երկուքը քուէարկեցին ի նպաստ յաւելեալ ինքնավարութեան:

Լոմպարտիի մէջ, ուր կը գտնուի Իտալիոյ տնտեսական մայրաքաղաք Միլանոն, քուէարկողներուն 95 առ հարիւրը քուէարկած է ի նպաստ յաւելեալ ինքնավարութեան, իսկ Վենեթոյի մէջ` 98 առ հարիւրը: Լոմպարտիի մէջ մասնակցութեան համեմատութիւնը 40 առ հարիւր էր, իսկ Վենեթոյի մէջ` 57 առ հարիւր:

Երկու շրջաններու ղեկավարները, որոնք անդամ են աջակողմեան Հիւսիսային լիկա կուսակցութեան, կը պնդեն, որ Իտալիոյ հարուստ հիւսիսը կը ֆինանսաւորէ աւելի աղքատ հարաւը:

Երկու շրջանները միասնաբար կ՛ապահովեն Իտալիոյ ազգային եկամուտին շուրջ 30 առ հարիւրը:

«Պի.Պի.Սի.» կը գրէ, որ հանրաքուէներուն քննադատները զանոնք կը նկատեն յառաջիկայ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին յաւելեալ զօրակցութիւն ապահովելու քայլ մը, իսկ Իտալիոյ կեդրոնական կառավարութիւնը կը յայտնէ, որ հանրաքուէները թէեւ իտալական սահմանադրութեամբ արտօնուած են, սակայն անհրաժեշտ չէին:

Լոմպարտիի նախագահ Ռոպերթօ Մարոնի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Մենք Քաթալոնիան չենք: Յաւելեալ ինքնավարութեամբ կը մնանք իտալական պետութեան մէջ, իսկ Քաթալոնիան կ՛ուզէ Եւրոպական Միութեան 29-րդ պետութիւնը դառնալ: Մենք ոչ: Առայժմ ոչ»:

Շրջանի գանգատներէն մէկը այն է, որ իրենք տուրքերու ճամբով անհամեմատ աւելի մեծ գումարներ կ՛ուղարկեն Հռոմ, քան անկէ պետական ֆինանսաւորում կը ստանան, ուստի կ՛ուզեն պետական պիւտճէին իրենց մասնակցութիւնը նուազեցնել կէսի:

«Պի.Պի.Սի.» կը գրէ, որ հանրաքուէին ընդդիմացողները կը քննադատեն միլիոնաւոր եւրոներ հանրաքուէներու վրայ ծախսելը, երբ բոլոր շրջաններն ալ արդէն Հռոմի հետ ուղղակի կերպով բանակցելու սահմանադրական իրաւունքը ունին:

Նշենք, որ թէ՛ Լոմպարտիի, թէ՛ Վենեթոյի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէները որեւէ իրաւական ուժ չունին, սակայն ստացած են Իտալիոյ Սահմանադրական դատարանին արտօնութիւնը: Շրջաններու ղեկավարները աւելի շատ լիազօրութիւններ կ՛ուզեն անվտանգութեան, գաղթի, կրթութեան եւ շրջակայ միջավայրի նման բնագաւառներու մէջ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Վենեթոյի ղեկավար Լուքա Ձայա յայտնած է, թէ հանրաքուէն «պատմական իրադարձութիւն է եւ յաղթանակը այն մարդոց, որոնք կ՛ուզեն իրենց տան տէրը ըլլալ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.