2017-10-24 10:38:00

Արցախի եկեղեցիներուն հայկական գորգեր նուիրաբերուած են


Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այսօր Գանձասարի վանքին մէջ մասնակցած է Արցախի եկեղեցիներուն հայկական ոճով գորգերու նուիրաբերման հանդիսաւոր արարողութեան:

Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է նախաձեռնութեան հեղինակներուն եւ բոլոր այն մարդոց, որոնք ներգրաւուած են ատոր իրականացման գործին մէջ` նշելով, որ անիկա ունի մշակութային, ազգագրական, ինչպէս նաեւ կարեւոր հասարակական նշանակութիւն:

Այս մասին կը հաղորդէ ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.