2017-10-24 13:30:00

«Միասին աշխատիլ ժողովուրդներու միջեւ խթանելու համար խաղաղութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) 24 Հոկտեմբերին կը նշուի Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան՝ ՄԱԿ-ի օրը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց միասին աշխատիլ ժողովուրդներու միջեւ խթանելու համար խաղաղութիւնը ու երաշխաւորելու համար մարդկային իրաւունքները։

«Բոլորս միասին աշխատինք խթանելու համար ազգերու միջեւ խաղաղութիւնը ու երաշխաւորելու Մարդկային Իրաւունքները» գրեց Սրբազան Քահանայապետը հրապարակած թուիթին մէջ։

Նշենք թէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը միջկառավարական կազմակերպութիւն մըն է որ ստեղծուած է միջազգային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանման, երկիրներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման համար։

ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը  ստորագրուած է 26 Յունիս 1945-ին՝ 51 պետութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէն։ Կանոնադրութեան ուժի մէջ մտնելու տարեթիւը՝ 24 Հոկտեմբերը կը նշուի որպէս Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան օր։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.