2017-10-23 09:36:00

Ֆրանչիսկոս Պապ 2019-ի հոկտեմբեր ամիսը կը հռչակէ միսիոներական բացառիկ ամիս։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղած է Ժողովուրդներու Աւետարանման Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Ֆիլոնին, յիշեցնելով Պենեդիկտոս ԺԵ. Պապի «Maximum illud» Առաքելական Թուղթը։ 2019ի նոյեմբեր 30ին կը բորորուի յիշեալ Առաքելական Թուղթի հարիւրամեակը։

Պենեդիկտոս ԺԵ. իր այդ թուղթով նոր թափ կʼուզէր տալ առաքելութեան եւ Աւետարանի քարոզութեան պատասխանատուութեան, հետեւելով Յիսուսի կոչին՝ «գացէք աշխարհի ամէն կողմ եւ հռչակեցէք Աւետարանը բոլոր արարածներուն» (Մրկ ԺԶ. 15)։

Վերոնշեալ նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մօտէն կ՛անդրադառնայ Պենեդիկտոս ԺԵ. Պապի մտահոգութեան, եւ ապա կը յիշեցնէ Եկեղեցւոյ կատարած ջանքերը՝ աւետարանումի պատասխանատուութեան մէջ, որ միշտ նորոգեալ թափով կատարուած է։ Ան կը յիշէ, թէ առաքելութեան գործունէութիւնը այսօր ալ մեծագոյն մարտահրաւէրն է Եկեղեցւոյ համար։ Սրբազան Հայրը՝ միսիոներական գործունէութիւնը կը նկատէ Եկեղեցւոյ բոլոր աշխատանքներուն յարացոյցը։ Ան կը յորդորէ, որ բոլոր համայնքները գործունեայ կերպով կատարեն հովուական եւ միսիոներական դարձ մը, եւ չբաւարարուին լոկ տնտեսելով, որովհետեւ աւետարանումը պարզապէս գոյատեւման միջոց մը չէ։ Ասոր համար պէտք է կատարուի կառոյցներու նորոգում մը, եւ բոլոր միջոցները ի գործ դրուին հետեւելու Քրիստոսի կոչին։

Այս պատճառով է, որ Նորին Սրբութիւնը Ժողովուրդներու Աւետարանման Ժողովին առաջարկ ներկայացուցած է՝ 2019ի հոկտեմբեր ամիսը նշել իբր միսիոներական բացառիկ ամիս որպէսզի բոլոր հաւատացեալներու սիրտը լեցուի Աւետարանի քարոզութեան խանդով եւ համայնքները դարձ կատարեն՝ ըլլալու իսկական աւետարանողներ։

Կարդինալ Ֆիլոնիին ուղղած նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Անոր կը վստահի յիշեալ ձեռնարկի պատրաստութիւնը եւ անոր կազմակերպումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.