2017-10-23 09:26:00

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը կրնայ Եւրոպայի նոր պաշտպան սուրբը դառնալ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը կրնայ ըլլալ Եւրոպայի նոր պաշտպան սուրբը, ըսած է Քրաքովիայի հրաժարեալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Սթանիզլաւ Ճիվիչ, որ եղած է յիշեալ Պապի քարտուղարը։ «Երբ Եւրոպայի ցամաքամասը կը դիմագրաւէ խոր տագնապ մը, պէտք է աւելանայ պաշտպան սուրբերու խումբը», ըսած է ան։ Լեհաստանի կաթողիկէ շարժումը, կիրակի, հոկտեմբեր 22ին, Վարշաւիայի մայր տաճարին մէջ պաշտօնապէս յանձնառու պիտի ըլլայ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի ուսուցման, ընտրելով սուրբ քահանայապետը իբր պաշտպան սուրբ։ Լեհերը յատուկ բարեպաշտութիւն ունին լեհ քահանայապետին հանդէպ։ Լեհաստանի մէջ աւելի քան 500 արձաններ եւ այլ բազմաթիւ յուշարձաններ կանգնած են անոր յիշատակին։ Առաւել եւս «Երրորդ Հազարամեակի Գործունէութիւնը» նպատակ ունի կազմելու հիմնադրամ մը՝ նեցուկ կանգնելու համար երիտասարդ ուսանողներու, որոնք աղքատ ընտանիքներէ կու գան եւ այլապէս առիթ պիտի չունենային հետեւելու իրենց փափաքած ուսման։








All the contents on this site are copyrighted ©.