(Ռատիօ Վատիկան) «Այս Օրուան ընթացքին յիշենք թէ Եկեղեցին միսիոներական է իր բնութեամբ. Միսիոներականութիւնը քրիստոնէական հաւատքի սիրտն է» գրեց Սրբազան Քահանայապետը, Կիրակի 22 հոկտեմբերի առաւօտեան, այսօր նշուող Միսիոներական համաշխարհային օրուան առթիւ, Քահանայապետական @pontifex թուիթրըրեան կայքին վրայ հրապարակած թուիթին մէջ։
Սրբազան Պապը հրապարակեց հուսկ նոր թուիթ մը նուիրուած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ծիսական տօնին, որուն յիշատակը կը նշուի այսօր, որուն մէջ գրեց «Այսօր, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ծիսական տօնին առթիւ, յիշենք անոր խօսքերը «Մի Վախնաք բացէք, այլապէս լայն բացէք դռները Քրիստոսին»։
All the contents on this site are copyrighted ©. |