2017-10-22 10:37:00

Կիրակի 22 Հոկտեմբեր 2017 - Զ. Կիրակի Խաչէն ետք


Ղուկաս 4, 14-24 - Տիրոջ Հոգին իմ վրաս է

Քրիստոս կը դառնայ իր քաղաքը, հոն ուր սնած եւ մեծցած էր, հոն ուր իր մանկութիւնը անցուցած էր, ապա` իր պատանեկութիւնը, հուսկ, իբրեւ երիտասարդ, աշխատած էր իր հօրենական արհեստանոցին մէջ, որպէս հիւսն, ինչպէս նաեւ որպէս պարզ քաղաքացի մը, նման միւս բոլոր քաղաքացիներուն։ Վստահաբար մասնակցած էր քաղաքի տօներուն ու հանդէսներուն, ինչպէս նաեւ սուգերուն եւ ժողովատեղիի մէջ կատարուած բոլոր արարողութիւններուն։

Երբ մտաւ Սինակոկը իր քաղաքին, իրեն համար յայտնի եւ ընտանի տեղ մըն էր, ուր յաճախ մտիկ ըրած էր Ռաբունիներու ըսածներուն։ Այսօր ինք կը ղեկավարէր աղօթքը եւ իբրեւ Ռաբբունի մը կը մօտենար նոյն ժողովուրդին որ զինք կը ճանչնար մանկութենէն ի վեր։ Հեղինակաբար մօտեցաւ սուրբ Գրքի ձեռագիրներուն եւ բանալով Եսայի Մարգարէի գրութիւնը, կարդաց անոնց այն բաժինը ուր մարգարէն կը խօսի իր առաքելութեան մասին  որուն զինք կանչած է Տէրը։ Այսօր Յիսուս կը շարունակէ նոյն առաքելութիւնը որ Եսային արդէն կատարած էր 700 տարիներ առաջ։

Մարդկային  տկարութիւններէն մին է  արժէք չտալ իր ազգակիցին կամ հարազատին, միշտ այն տրամաբանութիւնը յառաջ բերելով թէ կը ճանչնանք զինք, մեր թաղեցին է, մեր ազգականն է. Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ որ հիմա օտարները իրեն մեծ արժէք կու տան։ Թող նախ մեզի հարցնեն թէ ով է ասիկա, եւայլն…

Յաճախ նախանձն է որ կը մղէ այսպիսի արտայայտութիւններու. Այս պատճառաւ ալ` ընդհանրապէս մեծաւորները առաքեալ մը կը ղրկեն միշտ իր ծննդավայրէն ու տունէն հեռու, որպէսզի ան կաշկանդուած չմնայ իր անցեալին եւ աշխուժութեամբ հետամուտ ըլլայ իրեն յանձնուած նոր առաքելութեան։ Քրիստոս միայն բուժիչ յատկութիւններ ունեցող անձ մը չէ, կամ թէ չար ոգիները հանող. Ինք ղրկուած է այո մարդկային տկարութիւնները բուժելու, սակայն իր առաքելութիւնը աւելի բարձր է քան իր քաղաքին կամ երկրին սահմանները. Ինք ղրկուած է Հօր կողմէ փրկելու համար բոլոր մարդկութիւնը եւ զիրենք ազատելու սատանայի գերութենէն. Իր պայքարը տիեզերական է եւ ասոր համար ալ` զինք հասկնալը գրեթէ անկարելի է մարդկայնօրէն։

Ո՞վ կարող է ըմբռնել Աստուծոյ անսահման սէրը մարդկութեան հանդէպ եթէ յատուկ լոյս մը տրուած չըլլայ իրեն։ Ո՞վ կրնայ տեսնել մարդ Յիսուսի մէջ` գերագոյն Աստուածը եւ հետեւիլ անոր բոլոր սրտանց։ Այս պատիւը տրուած է մեզի քրիստոնեաներուս` որովհետեւ կը հաւատանք Յիսուսի աստուածութեան եւ համոզուած ենք թէ իր պատգամը իրական է եւ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի յաւիտենական կեանքը։ Մենք չենք տեսներ Յիսուսի մէջ լոկ մարգարէ մը, հրաշագործ մը, սքանչելի քարոզիչ մը. Մենք իր անձին մէջ կը տեսնենք մեր հաւատքի աչքերով` Աստուածը եւ տէրը ամէն բանի որ կը գտնուի այս աշխարհի վրայ. Եւ Պօղոս առաքեալի ըսածին համաձայն, այս հաւատքն է որ մեզ կը փրկէ։

Հրէաները տեսան այս ամէնը Յիսուսի մէջ. Սակայն բացի մի քանի աշակերտներէ, անոնք չուզեցին ընդունիլ իր պատգամը եւ Պիղատոսէն խնդրեցին որ զայն մահուան դատապարտէ. Մենք ընդունած ենք այս պատգամը որպէս ճշմարիտ եւ կ՛ուխտենք մեր բոլոր կեանքին ընթացքին հաւատարիմ մնալ անոր. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.