2017-10-20 08:51:00

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը Սուրբ Երկրի մէջ՝ Քրիստոնեաներու կողքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի որ այս օրերուն կը գտնուի Սուրբ Երկրի մէջ ուր հանդիպումներ կ՛ունենայ տեղական եկեղեցիներու կղերական դասին ու հաւատացեալներուն հետ, ուզած է յիշել տարածաշրջանի բոլոր այն քրիստոնեաները որոնք բռնի կերպով ստիպուած եղան հեռանալ իրենց օճախներէն, ու նման Սուրբ Ընտանիքին կը փորձարկեն այն իրականութիւնը որ իրենց համար այլուր տեղ չկայ։ 

Քրիստոնեայ ժողովուրդին անմեղ տառապանքը, որ մի քանի պարագաներուն հասաւ մինչեւ նահատակութիւն, համայն Եկեղեցւոյ համար կը դառնայ շնորհքի գանձ մը, հաստատած է Ծիրանաւորը ընդգծելով այս առընչութեամբ եղբայրական զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը։
Կարդինալ Սանտրի՝ Սուրբ Երկիր կեցութեան ընթացքին այցելած է նաեւ Նազարէթ քաղաքը ուր Աւետման Պազիլիքային մէջ մատուցած է սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ընդգծած է Տիրամօր արտասանած «այո»ին կարեւորութիւնը։

Մարիամին «այո»ն, ըսաւ Կարդինալը, պատրաստուեցաւ լռութեան մէջ եւ լռութեան մէջ է որ կը պահպանուի մարդեղութեան խորհուրդը, ու Յիսուսին աճումը», ապա հրաւիրեց համայն եկեղեցին վերագտնելու լռութիւնը, որպէս՝ պտղաբեր վայր, ուր ծնունդ կ՛առնէ իսկական կեանքը»։ 

Նազարէթի մէջ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը ժամանակակից ընտանիքի ապրած իրականութեան տագնապը  յանձնեց Սուրբ Ընտանիքի հովանիին, որպէսզի պահապան կանգնի անոր, ի տես այն գաղափարախօսութիւններուն որոնք կը փորձեն «մարդը համոզել թէ կարող է ինքնիրեն առնել կեանքի բոլոր որոշումները, սակայն ապա զայն կը լքեն առանձին՝ վիրաւոր եւ միայնակ» դիտել տուաւ Կարդինալ Սանտրի։








All the contents on this site are copyrighted ©.