2017-10-19 10:12:00

Եւրոպահայութեան 4-րդ համագումարի պաշտօնական բացում


Չորեքշաբթի, 18 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Պրիւքսէլի Հայ տան մէջ տեղի ունեցաւ բացումը ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին նախաձեռնած Եւրոպահայութեան չորրորդ համագումարին, կը հաղորդէ “Ասպարէզ”:

Ներկայ էին եւրոպահայ քաղաքագէտներ, հասարակական գործիչներ, գիտնականներ եւ Եւրոպայի մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններու շուրջ 150 ներկայացուցիչներ: Երկօրեայ համագումարի առաջին օրուան ընթացքին քննարկուեցան մեր ժողովուրդին դիմագրաւած հիմնահարցերուն ներկայ զարգացումները, որոնց վերաբերեալ կատարուեցան ախտաճանաչումներ եւ առաջարկուեցան համապատասխան լուծումներ:

Պաշտօնական բացման ընթացքին ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ֆրանք Էնկել:

Համագումարը պիտի անդրադառնայ չորս կարեւոր նիթերու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պահանջատիրական պայքարը Եւրոպայի մէջ, Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի հարցը, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմանի յարաբերութիւնները, հայապահպանման հարցը Եւրոպայի համայնքներուն մէջ: Համագումարի առաջին օրը՝ 18 Հոկտեմբերին, Պրիւքսէլի Հայ տան մէջ, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան: Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան Արցախի Հանրապետութեան նախագահը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը եւ սփիւռքի նախարարուհին:

Քննարկումներուն կը մասնակցին Պոխումի RUHR համալսարանի Ցեղասպանութեան եւ Սփիւռքի հետազօտութիւններու հիմնարկի ղեկավար, փրոֆ. Միհրան Տապաղ, Հայաստանի սահմանադրական դատարանի փորձագէտ Վլատիմիր Վարդանեան, Հայաստանի Եւրոպական ընկերներ-EuFoA-ի երեւանեան գրասենեակի ծրագիրներու ղեկավար Տաթեւիկ Հայրապետեան, Փարիզի MediaSchool Group ընկերութեան տնօրէն, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, տեղեկատուական ապահովութեան եւ լրասփիւռներու փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ատենադպիր, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ վարժարանի հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատու Մհեր Գարագաշեան, Կիպրոսի Մելգոնեան եւ Փարիզի Հրանդ Տինք վարժարաններու հայերէնի դասաւանդման պատասխանատու, մանկավարժ Կարապետ Տաքէսեան, Յունաստանի Հայ Կապոյտ խաչի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Ազգային վարժարանի նախկին տնօրէն Միհրան Քիւրտօղլեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.