2017-10-15 10:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Ֆաթիմայի երեւումներու 100-րդ Յոբելեանի եզրափակումին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 13 Հոկտեմբեր 2017-ին Ֆաթիմայի մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ եզրափակումը կատարուեցաւ Ֆաթիմայի երեւումներուն 100-րդ տարեդարձի արարողութիւններուն որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ֆաթիմայի մէջ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ուղղեց պատկերասփռուած պատգամ մը որուն մէջ ըսաւ.

«Սիրելի Եղբայրներ, այս օրուան առթիւ, որուն ընթացքին կը տօնախմբէք Սուրբ Կոյս Մարիամի երեւումներու հարիւրամեակի եզրափակումը, կ՛ուզեմ ձեզի ուղարկել իմ օրհնութիւնս եւ իմ ողջոյնս», ապա յիշեց Ֆաթիմա կատարած իր ուխտագնացութիւնը ու հրաւիրեց ներկաները երբեք վախ չունենալ որովհետեւ «Աստուած աւելի բարի է քան մեր թշուառութիւնները» ու  «Ան մեզ կը սիրէ անհուն սիրով»։

Յառաջ ընթացէք ու երբեք մի հեռանաք Մօրմէն, մանուկի մը նման որ իր մօր կողքին ինքզինք ապահով ու պաշտպանուած կը զգայ, մենք եւս Սուրբ Կոյսին մօտ պաշտպանուած  ենք, որովհետեւ Ան մեր ապահովութիւնն է, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու պատգամը եզրափակեց յորդորով «Վարդարանը երբեք չի թողուք, միշտ աղօթել վարդարանը, այնպէս ինչպէս խնդրեց նոյնինքն Տիրամայրը»։ Քահանայապետը հուսկ օրհնութիւնը շնորհեց ներկաներուն անոնցմէ  խնդրելով որ աղօթեն նաեւ իրեն համար։ ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.