2017-10-14 07:57:00

Ֆրանչիսկոս Պապի զօրակցութեան պատգամը Քալիֆորնիոյ մէջ տեղի ունեցած անտառային հրթիռներու ի լուր։


(Ռատիօ ՎատիկանՔալիֆորնիոյ  մէջ տեղի ունեցած  անտառային  հրթիռներու  աղէտին  ի տես,  ուրբաթ, 13 հոկտեմբեր 2017-ին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին զօրակցութեան պատգամ մը  յղեց Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Լոն Անջելեսի թեմերու արքեպիսկոպոսներուն։

Պատգամին մէջ ծիրանաւորը գրած է.

Ֆրանչիսկոս Պապ տեղեկանալով Քալիֆորնիոյ մէջ պատահած  անտառային հրթիռներուն  պատճառած մարդկային  եւ նիւթական կորուստի ողբերգութեան մասին, իր անկեղծ զօրակցութիւնը  կը յայտնէ ու իր  աղօթքը կ՝ապահովէ աղէտի թիրախ զոհերուն եւ տուժողներուն։

Սրբազան Հայրը իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ,  իրենց սիրելիներուն կորուստը ողբացող անձերուն եւ  բոլոր անոնց որոնք մտահոգուած են անյայտ ճակատագիրի մէջ գտնուող անձերուն  համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը քաջալերէ զոհերուն խնամք տանող քաղաքացիական իշխանութիւնները ու շտապ օգնութեան հասնող կամաւորները։

Կարդինալ Փարոլին հեռագիրը աւարտած է Ֆրանչիսկոս Պապին օրհնութիւններով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.